ԱՆԻ
ԱՆԻ,անի,Ani

Անիի աւերակներէն ընդհանուր տեսարան


ԱՆԻ,անի,Ani
Պատ
կիկլոպեան շինութեան մնացորդ
Անին այսօր կը գտնուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան Կարս նահանգին մէջ, Ախուրեան գետի աջ ափին վրայ, որու ձախ ափն ալ Հայաստանն է։ Ան անմարդաբնակ է ու աւերակ դարձած։ Ծովու մակարդակէն 1500 մ. բարձրութեան վրայ եռանկիւնաձեւ սարահարթ մըն է՝ շրջապատուած Անի գետակով, որ Ախուրեանին կը խառնուի Իգաձորով, Ծաղկոցաձորով եւ Գայլաձորով։ Հիւսիսային կողմէ ալ պարսպապատուած է, որով անառիկ դիրք ունեցած է։

Անին շատ հին ժամանակներէն ի վեր բնակելի վայր եղած է։ Շիրակի այդ տարածքին վրայ գտնուած են Ք. Ա. առաջին հազարամեակին պատկանող կիկլոպեան շինութիւններու (մեծածաւալ քարերով, առանց շաղախի խոշոր շինութիւն) մնացորդները։ Անիի շրջակայ ձորերուն մէջի քարանձաւներն ալ եղած են բնակելի վայրեր։ Անոնցմէ մէկուն մէջ գտնուած է Ք. Ա. երկրորդ հազարամեակէն մնացած պրոնզէ ապարանջան։ Քաղաքին մօտակայ գերեզմանադաշտէն յայտնաբերուած են Ք. Ա. 8-7-րդ դարերու իրեր։
Քաղաքը իր անունը առած է Բարձր Հայքի Դարանաղի գաւառի (այժմ՝ Քէմախ, Թուրքիոյ մէջ Եփրատի ձախ ափին) Անի բերդաքաղաքէն, որ հեթանոսական շրջանին հռչակաւոր էր Արամազդ չաստուածի մեհեանով եւ թագաւորներու գերեզմաններով։

Շիրակի դաշտի Անի ամրոցը կը պատկանէր Շիրակի եւ Արշարունքի տէր Կամսարական իշխանական տան։ Աշոտ Մսակեր Բագրատունի, 780-ական թուականներուն, կը գնէ Կամսարականներուն հողատարածքը, որոնք Հայաստանէն կը հեռանան ու Բիւզանդական Կայսրութեան ծառայութեանը կը մտնեն։
ԱՆԻ,անի,Ani

Անիի միջնաբերդը
ԱՆԻ,անի,Ani

Անիի պարիսպի գծագրութիւն
Շառլ Թեքսիէ 1842 Charles Texier
Բագրատունիներու թագաւորութեան սկզբնական շրջանին Անին երկրին կարեւորագոյն բերդերէն մին էր եւ թագաւորութեան գանձին մէկ մասը հոն կը պահուէր։
ԱՆԻ,անի,Ani

Անիի աւերակ պարիսպներէն ընդհանուր տեսարան
Աշոտ Գ. Ողորմած (953-977), երկրին մէջ խռովութիւնները դադրեցնելէ եւ ապահովութիւնը հաստատելէ յետոյ, 961 թուականին, մայրաքաղաքը Կարսէն Անի կը փոխադրէ։ Այդ միջոցին Անի միջնաբերդին շուրջ տարածուած փոքր բերդաքաղաք մըն է։ Անանիա Ա. Մոկացի կաթողիկոսը (946-968), Անիի մէջ, Աշոտը թագաւոր կ'օծէ։ Հանդիսութեան ներկայ կ'ըլլան շրջանի հայ թագաւորները, իշխանները, Աղուաններու Փիլիպոս թագաւորը եւ Յովհաննէս կաթողիկոսը։ Մի քանի տարի յետոյ Աշոտ կը շինէ Անիի ներքին պարիսպը, որ Աշոտաշէն կը կոչուի։ Աշոտի օրով կը շինուի քաղաքին ջրմուղի սարքաւորումը՝ երկաթէ եւ կաւէ խողովակներով։
ԱՆԻ,անի,Ani

ԱՆԻ,անի,Ani

Անիի պարիսպներուն աւերակ վիճակը

ԱՆԻ,անի,Ani
Բերդի մայր մուտքէն Մայր Եկեղեցւոյ տեսքը
Կը վերակառուցուի Կամսարականներու իշխանանիստ պալատը եւ բաղնիքը, որ եօթը սենեակ ունէր։ Բաղնիքը կը տաքցուէր յատակէն եւ պատերուն մէջէն անցնող կրակարանի բոցին եւ ծուխին ջերմութեամբ։ Քաղաքին տարբեր մասերուն մէջ ալ կային վեց բաղնիքներ եւս։ Պաղ ջուրի համար կաւէ, տաք ջուրի համար ալ երկաթէ խողովակներ կը գործածուէր։

Քաղաքը, գտնուելով Դուին-Տրապիզոն առեւտրական ճամբուն վրայ, շուտով կը մեծնայ։ Արհեստաւորներ եւ վաճառականներ շրջակայ քաղաքներէն Անի կը փոխադրուին։ Առեւտրական, արհեստաւորական, շինարարական կեանքը կ'աշխոյժանայ։ Կ՝արտադրուի եւ կ'արտածուի գորգ, մետաքսէ եւ բուրդէ բանուածքներ, ոսկիէ, արծաթէ եւ պղինձէ զարդեղէններ, երկրագործական գործիքներ, այլազան զէնքեր։ Կը ներարծուի յախճապակիէ, ճենապակիէ իրեր, մետաքս, ներկ...։ Սմբատ Բ. (977-989), հետզհետէ տարածուող քաղաքի բնակչութիւնը յարձակումներէ պաշտպանելու համար կը շինէ նոր պարիսպ։ Սմբատեան կոչուած 2,5 քմ. երկարութեամբ, 8-10 մ. բարձրութեամբ այս պարիսպի շինութիւնը կը տեւէ ութը տարի։ Կ'աւարտի 989-ին։ Բերդի արտաքին կողմը կը փորուի մօտաւորապէս 500 մ. երկարութեամբ ու 10-12 մ. լայնքով խրամ, որ ջրով կը լեցուի։ Անիի բերդը ունեցած է աւելի քան 80 աշտարակներ, որոնց մէջ կային զօրանոցներ, պահականոցներ եւ ոմանց մէջ ալ եկեղեցիներ եւ մատուռներ։

Գագիկ Ա.-ի թագաւորութեան (989-1020) խաղաղ տարիներուն Անիի բնակչութեան թիւը կը հասնի 100,000-ի, ըստ ոմանց ալ՝ 200,000-ի։ Նախարարներ, իշխաններ, մեծահարուստներ, վաճառականներ Անիի մէջ կը կառուցեն պալատներ, առեւտուրի շէնքեր, նաեւ եկեղեցիներ։ Սմբատ Բ. թագաւորի եւ Խաչիկ Ա. Արշարունի կաթողիկոսի (973-992) օրով, 989-ին, հիմքը դրուած Անիի մայր տաճարին՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շինութիւնը, հովանաւորութեամբ Սմբատի կնոջ Կատրանիդէ թագուհիին, կ'աւարտի 1001-ին եւ օծումը կը կատարէ Սարգիս Ա. Սեւանցի կաթողիկոսը (992-1019)։ Եկեղեցւոյ ճարտարապետն է համբաւաւոր Տրդատ ճարտարապետ։ Անիի մայր տաճարի շինութեան ընթացքին Գագիկ կառուցել կուտայ Գագկաշէն Ս. Գրիգոր եկեղեցին, որ նմանութիւնն է Զուարդնոցի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյն՝ այդ թուականին արդէն փլած։ Կը շինուի նաեւ կաթողիկոսարան, որով կաթողիկոսութիւնը մօտակայ Արգինայէն կը փոխադրուի Անի։ Աւելի ուշ, Սարգիս կաթողիկոս, եկեղեցւոյ կից, կը շինէ Ս. Հռիփսիմեան վկայարան-մատուռը։ Մեծահարուստներէն Տիգրան Հոնենց եւ Ապուղամրենց եկեղեցիներ կը շինեն։ Առաջինը կը կոչուի Տիգրան Հոնենցի Ս. Գրիգոր եկեղեցի, իսկ միւսը՝ Ս. Գրիգոր Ապուղամրենց։ Հովիւի մը կնոջ կառուցել տուած եկեղեցին ալ կը կոչուի Հովիւի եկեղեցի։ Այսօր, կիսաւեր կամ բոլորովին աւերակ վիճակի մէջ են նաեւ Պալատի եկեղեցին, Ս. Փրկիչ (Ամենափրկիչ) եկեղեցին, Առաքելոց եկեղեցին, Վրացական եկեղեցին, Պարոնին (վաճառականին) պալատը, Ախուրեանի ժայռոտ կողին Կուսանաց Վանքը՝ Հռիփսիմեանց եկեղեցիով։ Վրացական եկեղեցին ոչ թէ վրացիներու կը պատկանէր, այլ այդ եկեղեցւոյ ծուխը Քաղկեդոնական դաւանանքին պատկանող հայեր էին եւ եկեղեցին կապուած էր վրաց կաթողիկոսութեան։
ԱՆԻ,անի,Ani

Անիի Մայր Եկեղեցին՝ Ս. Աստուածածին Եկեղեցին - շինութիւնը աւարտած 1001-ին
ԱՆԻ,անի,Ani
Պրոնզէ ջահ գտնուած Վայոց Ձորի
մատուռի մը մէջ


ԱՆԻ,անի,Ani
ԱՆԻ,անի,Ani
Մայր Եկեղեցին՝ կաթողիկէն կքելէ վերջ եւ շրջակայքը

ԱՆԻ,անի,Ani
Անիի Մայր Տաճարի եւ Ս. Հռիփսիմեանց վկայարան-մատուռի վերակազմութիւն

ԱՆԻ,անի,Ani
Գագկաշէն Ս. Գրիգորի աւերակը

ԱՆԻ,անի,Ani
ԱՆԻ,անի,Ani
Տիգրան Հոնենցի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ աւերակը լուսանկարուած երկու տարբեր անկիւնէ

ԱՆԻ,անի,Ani
Հովիւի եկեղեցւոյ աւերակը

ԱՆԻ,անի,Ani
Կուսանաց վանքի եւ Ախուրեանի վրայի
կամուրջի աւերակները


ԱՆԻ,անի,Ani
Առաքելոց եկեղեցւոյ աւերակը

ԱՆԻ,անի,Ani
Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ աւերակը
դիտուած երկու տարբեր անկիւնէ


ԱՆԻ,անի,Ani
Ս. Գրիգոր Ապուղամրենց
եկեղեցւոյ աւերակը


ԱՆԻ,անի,Ani
Անիի ընդյատակեայ քաղաքին մուտքը

ԱՆԻ,անի,Ani
Անիի Տիկինները - գծագրութիւն

ԱՆԻ,անի,Ani
Պարիսպներու վրայ քաղաքի
զինանշանը՝
Խաչ եւ վազող Յովազ
(Անի քաղաքական եւ կրօնական իշխանութեան կեդրոն)



Բերդի պատին վրայ թաղի մը
զինանշանը
Պեղումներու ընթացքին գտնուած են ուրիշ եկեղեցիներու եւ մատուռներու հետքերն ալ, սակայն անոնց անունները կարելի չէ եղած ճշդել՝ արձանագրութիւններու չգոյութեան պատճառով։ Անիի մէջ այնքան շատ եկեղեցի շինուած է որ քաղաքը կոչուած է նաեւ «հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք»։ Պատմիչներ Անի համար գործածած են «մեծ», «տիեզերահռչակ», «տիեզերեկեան», «քաղաքամայր» ածականները։

Ախուրեանի վրայ շինուած էր բաւական թիւով կամուրջներ, որոնցէ միայն մէկ հատը, Կուսանաց վանքի մօտակայ կամուրջը, գուցէ «Մետաքսի Ճամբայ»-ի, կամ «Անի» կամուրջը, կիսաւեր վիճակի մէջ տակաւին գոյութիւն ունի։

Անին ունեցած է ընդյատակեայ մաս մը։ Պեղումներու ընթացքին (1904- 1917) յայտնաբերուած եւ ուսումնասիրուած է հողի տակի այս քաղաքը, որուն կառոյցը հողագետնի ձեւաւորումին կը հետեւի։ Եռանկիւնաձեւ է եւ դէպի գետերուն հունին՝ ձոր կ'իջնէ։ Ընդյատակեայ Անիի ուսումնասիրուած 500 քարանձաւներու մէջ գոյութիւն ունեցած են 400 բնակելի տուն, 30 եկեղեցի, եկեղեցական համալիր մը՝ մատուռով եւ մենաստաններով, դամբարաններ, գերեզմաններու 8 խումբեր, մառաններ, զանազան ուտեստեղէններու ամբարման կեդրոններ, ջուրի շտեմարաններ, գինիի եւ իւղի ամբարանոցներ, ըմպելարաններ, գոմեր, ձիերու յատուկ ախոռներ, կարաւանատներ, 16 թառանոցներ։ Այդ շրջանին մեծ թիւով աղաւնիներ, թղթատարութեան համար, այս թառանոցներուն մէջ կը պահուէին։ Քարանձաւները կը լուսաւորուէին թէ՛ բնական լոյսով եւ թէ պատերու վրայ փորուած խորշերուն մէջ զետեղուած պլպլակներով։ Օդի շրջագայութիւնը ապահովուած էր։ Այսքան բազմամարդ քաղաքի մը եկեղեցիներուն, պալատներուն, շէնքերուն, տուներուն լուսաւորման համար հարկաւոր ձէթը 20 գործատեղիներու մէջ կ'արտադրուէր։

1988-ի երկրաշարժի հետեւանքով ընդյատակեայ քաղաքին մեծ մասը կքած է։

Գագիկ Ա.-ի մահունէ վերջ, 1020, գահ կը բարձրանայ Գագիկի անդրանիկ որդին Յովհաննէս-Սմբատ։ Սմբատ Գ. (1020-1042) գիրուկ մարմնով, անհոգ եւ անփոյթ խառնուածքով անձ մըն է։ Իր կրտսեր եղբայրը՝ Աշոտ, աւելի թագաւորավայել անձ մը, իր եղբօր դէմ կ'ըմբոստանայ եւ Վասպուրականի Սենեքերիմ թագաւորի (968-1021) օժանդակութեամբ Անին կը պաշարէ։ Կողմերու միջեւ համաձայնութիւն կը ստորագրուի Պետրոս Ա. Գետադարձ կաթողիկոսի (1019-1058), Կարսի, Վրաստանի, Աբխազիոյ թագաւորներուն միջամտութեամբ։ Անին կը տրուի Սմբատ Գ.-ին, Հայոց Շահնշահ տիտղոսով եւ երկրին մնացեալ մասն ալ՝ Աշոտին, պայմանով որ երբ Սմբատ մեռնի Աշոտ նաեւ ըլլայ Անիի թագաւոր եւ Հայոց Շահնշահ։ Աշոտ ալ թագաւոր կ'օծուի. Աշոտ Դ. (1022-1040)։

Վասպուրականի թագաւոր Սենեքերիմ, 1021-ին, Վասպուրականը Բիւզանդիոյ Վասիլ (Բարսեղ) Բ. կայսրին (976-1025) կը յանձնէ։ Վասիլ, Տայքի ապստամբութիւնը արեան մէջ խեղդելէ յետոյ (1022-1023), Սմբատ Գ.-էն կը պահանջէ Կարսն ու Անին։ Սմբատ, որ զաւակ չունի, 1023-ին, Անիի թագաւորութիւնը Վասիլ Բ.-ին կը կտակէ։ Վասիլ, իր մահունէն առաջ, կտակը կը յանձնէ իր եղբօրը՝ Կոստանդին Ը. կայսրին (1025-1028)։ Կոստանդին, աւելի խղճամիտ անձ մը քան Վասիլ, կտակը, հայոց կաթողիկոսարանի հիւրատես Կիրակոս երէցի միջոցաւ, Սմբատին ետ կը ղրկէ։ Կիրակոս, կտակը կը պահէ ու զայն կը ծախէ Միքայէլ Դ. կայսրին (1034-1041)։ Աշոտ Դ. կը մեռնի 1040-ին, իսկ Սմբատ Գ.՝ 1042-ին։ Բիւզանդական կայսրութիւնը Անին կը պահանջէ։ Բիւզանդասէր Պետրոս Ա. կաթողիկոս եւ բիւզանդիոնէ վեստ տիտղոսեալ Սարգիս Սիւնի իշխանը կ'աշխատին կտակի գործադրման։ Սպարապետ Վահրամ Պահլաւունիի գլխաւորած ճակատը Աշոտ Դ.-ի 17 տարու որդին՝ Գագիկ Բ.-ը (1042/3-1045) հայոց թագաւոր կը հռչակէ։ Բիւզանդացիներ 1043- 44-ին մի քանի անգամ Անին կը պաշարեն եւ քաղաքի յանձնումը կը պահանջեն։ Անեցիներ, գլխաւորութեամբ Վահրամ սպարապետի, քաղաքը կը պաշտպանեն եւ Անի կը մնայ անառիկ։

Կոստանդին Թ. կայսրը (1042-1055), Գագիկ Բ.-ը կը հրաւիրէ Կ. Պոլիս՝ Բիւզանդիոյ մայրաքաղաքը, կտակը վերադարձնելու պատրուակով։ Գագիկ երթալ չկամենար։ Պետրոս կաթողիկոս եւ Վեստ Սարգիս Գագիկը կը համոզեն։ Գագիկ Կ. Պոլսոյ մէջ կ'արգելափակուի։ Կը պարտադրուի Անին յաձնել։ Բիւզանդական բանակը, 1044-ին, կը պաշարէ Անին։ Անեցին, Վահրամի գլխաւորութեամբ, բիւզանդական բանակը կը պարտադրէ նահանջել։ 1045-ին, բիւզանդական բանակը Անին դարձեալ կը պաշարէ։ Անին յանձնելու տրամադիր անձերու՝ դաւաճաններու տարած աշխատութիւնը ժողովուրդին դիմադրելու ուժը կը ջլատէ եւ բիւզանդական բանակը, առանց ընդդիմութեան, քաղաքը կը գրաւէ։ Այսպէսով վերջ կը գտնէ Անիի թագաւորութիւնը՝ Բագրատունիներու թագաւորութիւնը (1045) եւ Հայաստան կը դառնայ բիւզանդական հողատարածք։ Գագիկի կը տրուի Կապադովկիայի Պիզու քաղաքը։

Յատկանշական թուական մըն է հայոց 482 տարւոյ Արաց ամսոյն առաջին օրը, որ կը համապատասխանէ 1033 տարւոյ Օգոստոսի 10-ին։ Այդ օր կը պատահի ամբողջական թանձր խաւարում, աստղերն անգամ կ'երեւին։

Նոյն թուականներուն Սմբատ Գ. թագաւորի եւ Պետրոս Ա. կաթողիկոսի միջեւ կը ծագի տարակարծութիւն։ Կաթողիկոսը կ'երթայ Բիւզանդիոյ շրջանը եւ չորս տարի երկրէն հեռու կը մնայ։ Երբ 1037-ին կը վերադառնայ, զինք կը բանտարկեն։ 1038-ի վերջաւորութեան կ'արտօնուի որ ան իր պաշտօնը շարունակէ։

1046-ի եւ 1131-ի երկրաշարժները քաղաքին մեծ վնաս կը հասցնեն։

Բագրատունի թագաւորներ հովանաւորած են գիտութիւնը, կրթութիւնը, մշակոյթը։ Եկեղեցիները եղած են նաեւ մշակոյթի կեդրոններ։ Հոն կը գրուէին ու կը հաւաքուէին բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններ։ Արքունիքի, կաթողիկոսարանի, վանքերու, եկեղեցիներու մէջ կը գտնուէին մատենադարաններ։ Սովորական դպրոցներու կողքին կար նաեւ բարձրագոյն դպրոց՝ համալսարան, ուր կը դասաւանդուէր աստուածաբանութիւն, օտար լեզուներ, թուաբանութիւն, աստղաբաշխութիւն, տոմարակալութիւն, ճարտարապետութիւն, նկարչութիւն, երաժշտութիւն, փիլիսոփայութիւն...։ Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունիի, Յովհաննէս սարկաւագ Իմաստասէրի նման մեծ համբաւի տէր անձեր հոն դասախօսած են։ Յովհաննէս Իմաստասէր այդ թուականներուն արդէն իսկ ընդունած էր աշխարհի գնդաձեւութիւնը։ Արեւմուտքի մէջ աշխարհի կլորութիւնը եւ արեւի շուրջ դառնալը 16-րդ դարուն լեհ աստղագէտ Գոբերնիգոս (Kopernik, Copernicus 1473-1543) ապացուցանած է։ Իտալացի աստղագէտ Կալիլէ (Galilei 1564-1642) ալ հետեւած է անոր տեսութեան։ Այս պատճառով դատուած եւ արգելափակուած է։ 1616-ին ալ կաթոլիկ եկեղեցին Գոբերնիգոսի գրքերու ընթերցումը արգիլած է։

Անի, որպէս առեւտրական մեծ կեդրոն, ունեցած է շուկաներ, վաճառափողոցներ, արհեստաւորներու գործատուներ, հեռաւոր տեղերէ եկող վաճառականներու համար քարվանսարայներ, հիւրանոցներ՝ իրենց կառատուներով եւ ախոռներով։

Քաղաքի ներքին կեանքը կը դասաւորէր քաղաքային աւագանին։ Դատարանները կը ղեկավարէին կղերականները։ Գործադրուած օրէնքները եկեղեցական ժողովներուն որոշուած կանոններն ու երկրին սովորութիւններն էին։ Դատարաններու որոշումներէն դժգոհներու բողոքը կը լսէին աւագ դատաւորներ։ Պետական ծանր յանցանքներով մեղադրուածներ արքունինքի մէջ կը դատուէին եւ տրուած վճիռներու նկատմամբ վերջին խօսքը թագաւորին կը պատկանէր։

Բագրատունիներու Թագաւորութեան (885-1045) անկման գլխաւոր պատճառը երկրին փոքր թագաւորութիւններու բաժնուածութիւնն էր։ 908-ին հիմնուեցաւ Վասպուրականի, 962-ին՝ Վանանդի՝ Կարսի, 970-ին՝ Կիւրիկեան (նախապէս կոչուած Լոռիի կամ Ձորագետի թագաւորութիւն) 987-ին՝ Սիւնիքի (մայրաքաղաք Կապան բերդաքաղաքի անունով՝ Կապանի կամ Բաղաց) թագաւորութիւնները։ Թէեւ ասոնք ենթակայ էին Բագրատունիներու գլխաւոր թագաւորին՝ Հայոց Շահնշահին ու կ'ընդունէին անոր գերիշխանութիւնը, սակայն շատ անգամ կ'անտեսէին կեդրոնական թագաւորութիւնը։ Անոնց ձեռքը թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ նիւթական մեծ ուժ կուտակուած էր։ Գագիկ Ա.-ի զօրքին թիւը հասած էր 100,000-ի, որուն միայն 55,000-ը ուղղակի արքունական գունդն էր։ Այս թագաւորութիւններէն զատ երկրին մէջ կային նաեւ զանազան արաբական էմիրութիւններ, որոնք 9-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ կորսնցուցին իրենց անկախութիւնը եւ ենթարկուեցան այս թագաւորութիւններէն մէկուն կամ միւսին։ Անոնց անջատողական գործունէութիւնն ալ ազդեց թագաւորութեան կործանմանը։ Երկիրը օտարներու ներխուժումէն ազատելու նպատակով Կարսի, Կիւրիկեան եւ Սիւնիքի թագաւորութիւնները միասնականութիւն չկրցան ցոյց տալ։ Կարսի թագաւորութիւնը վերջ գտաւ 1065-ին, Կիւրիկեանը՝ 1113-ին, Սիւնիքն ալ՝ 1170-ին։

Անիի անկումէն յետոյ Բիւզանդական Կայսրութիւնը երկրի ռազմական ուժերը կը տեղահանէ եւ կայսրութեան այլ տեղերը կը քշէ։ Տուրքերը կ'աւելցնէ։ Դաւանաբանական հարցեր կ'արծարծէ։ Ընդհանուր դժգոհութեան տեղի կուտայ։

Մինչեւ 11-րդ դարու սկիզբը Միջին Ասիա խաշնարած ու վրանաբնակ կեանք վարող Սելջուկներ, նոյն դարու 30-ական թուականներուն, իրենց կ'ենթարկեն ամբողջ Պարսկաստանը, հիմք դնելով սելջուկեան պետութեան։ 1049-ին Սելջուկները Բիւզանդացիներուն կը յաղթեն։ Երրորդ արշաւանքի ընթացքին, Ալփ-Ասլանի (1063-1072) գլխաւորած բանակը, 1064-ին, մեծ թիւով զոհեր տալով, Անի կը գրաւէ։ 1072-ին, Դուինի ամիրան Անին սելջուքներէն կը գնէ ու իր տղուն՝ Մանուչէին կուտայ, հիմքը դնելով Շետտատեան իշխանութեան, որ կը տեւէ մինչեւ 1199։ Մանուչէ հոն կը շինէ մզկիթ մը, որ կը կոչուի Մանուչէի մզկիթ։ Այս իշխանութեան շրջանին Անին կը դադրի արհեստներու եւ առեւտուրի կեդրոն ըլլալէ։ 1124-ին, 1161-ին եւ 1174-ին հայ-վրացական միացեալ զօրքերը կը գրաւեն եւ կարճ շրջանի մը համար կը տիրեն Անիին։

Վրաստանի թշնամիներուն դէմ իրենց տարած յաղթանակներով վրացական բանակին ու արքունիքին մէջ արագօրէն բարձրացող Արծրունիներու տոհմէն Զագարեան իշխանները 1199-ին Անին կ'ազատագրեն։ Անին կ'ըլլայ իրենց իշխանութեան մայրաքաղաքը։ Քաղաքը կը սկսի դարձեալ ծաղկիլ։ Կը կառուցուին դղեակներ, կը հիմնուին արհեստանոցներ, առեւտրականութիւնը կը յառաջանայ։ Անի նստող Զագարեան իշխանը կը կոչուի «շահնշահ», «թագաւոր» եւ վրաց Բագրատունիներու արքունիքին մէջ թագաւորէն յետոյ ամենաբարձր անձը կը նկատուի։ Պատմիչներ այս իշխանութիւնը կը կոչեն «պետութիւն», «պետական իշխանութիւն», «թագաւորութիւն», «աշխարհակալ տէրութիւն»։ Զագարեաններ ինքնավարութիւն կ'ունենան եւ վրաց թագաւորութիւնը անոնց ներքին գործերուն չի խառնուիր։ 1236-ին թաթար-մոնկոլները քաղաքը կը գրաւեն, կը թալանեն, բնակչութիւնը սուրէ կ'անցնեն։ Անեցիներու 1249-ի եւ 1260-ի ապստամբութիւնը անյաջող կ'անցնի։ Մոնկոլներու տիրապետութեան շրջանին ալ Զագարեաններ կը շարունակեն իրենց իշխանութիւնը։

Մոնկոլներու եւ թրքական ցեղերու տիրապետութեան տակ, բարձր տուրքերու եւ աննպաստ քաղաքականութեան հետեւանքով, Անին անկում կը կրէ եւ անեցիներ կը սկսին գաղթել։ Յատկապէս 1319-ի երկրաշարժէն յետոյ զանգուածային գաղթեր կ'ըլլան դէպի Վրաստան, Վասպուրական, Կիլիկիա, Համշէն, Ղրիմ. Ղրիմէն ալ Կ. Պոլիս, Լեհաստան, Հունգարիա։

Անիի մէջ կտրուած դրամները, յիշատակարաններու գրութիւնները ցոյց կուտան, թէ մինչեւ 15-րդ դարու սկիզբը քաղաքը տակաւին բոլորովին չէր ամայացած։ 16-րդ դարուն Անին արդէն դարձած էր պզտիկ գիւղի։

Ոչ միայն 1840-ի, 1880-ի, 1926-ի եւ 1988-ի երկրաշարժները Անին աւերակի կը դարձնեն, այլեւ շրջակայ բնակչութիւնը, իրենց շինութիւններուն համար, շէնքերը կը քանդէ։

1877-78-ի ռուս-թրքական պատերազմի վերջաւորութեան Անի կ'անցնի Ռուս Ցարական Կայսրութեան ձեռքը եւ մաս կը կազմէ Կարսի մարզին։

1920-ի աշնան թուրքերը կը գրաւեն Անին ու 1921-ի Մարտի 16-ին Մոսկուա ստորագրուած ռուս-թրքական դաշնագրով Անին պաշտօնապէս կ'անցնի Թուրքիոյ։

Անիի ուսումնասիրութեան նախաքայլ կ'ըլլայ 1804 թուականը։ 1838-ին, 1839-ին, 1841-ին, 1848-ին լեզուաբաններ, ճարտարապետներ, կղերականներ Անի կ'երթան, աւերակները կը գծագրեն եւ արձանագրութիւնները կ'ընդօրինակեն։ Անին 1878-ին Ռուսական Կայսրութեան անցնելէ յետոյ կը կազմուի Անիի Պահպանութեան Հոգաբարձութիւնը։ 1892-ին պեղումները կը վերսկսին։ 1904-ին Նիկողայոս Մառ, օժանդակութեամբ Թորոս Թորամանեանի, թափ կու տայ պեղումներուն։ Կը յայտնաբերուին շարք մը եկեղեցիներ, շէնքեր, թագաւորական պալատը, փողոցներ, շուկաներ։ Կը կառուցուի թանգարանի շէնք ուր կը հաւաքուին գտնուած մետաղէ, ապակէ եւ խեցեղէն առարկաներ, զէնք, զրահ, դրամներ, քանդակազարդ բեկորներ։
1918-ին Անին կը դառնայ պատերազմի վայր, պեղումները կը մնան անաւարտ։ Մաս մը քանդակազարդ բեկորներ դժուարութեամբ կը տարուին Երեւան։ Նիկողայոս Մառի Անիի մասին ամբողջական աշխատութիւնը լոյս կը տեսնէ 1934 թուականին։
ԱՆԻ,անի,Ani
ԱՆԻ,անի,Ani
ԱՆԻ,անի,Ani
Անիէն առարկաներ
ԱՆԻ,անի,Ani

ԱՆԻ,անի,Ani
ԱՆԻ,անի,Ani
ԱՆԻ,անի,Ani
ԱՆԻ,անի,Ani
Անիէն առարկաներ
ԱՆԻ,անի,Ani
1.- Աշոտաշէն պարիսպ
2.- Ս. Աստուածածին (կամ Հոռոմ տիկնոջ) եկեղեցին
3.- Մանուչէի մզկիթ
4.- Միջնաբերդի դարպաս
5.- Ս. Աստուածածին (կամ Խամբուշենց) եկեղեցին
6.- Մուտք ընդյատակեայ Անիի
7.- Միջնաբերդ
8.- Աղջկայ բերդը և Ս.Գրիգոր վանքը
9.- Սմբատաշէն պարիսպները
10.- Կարուց դուռը
11.- Աւագ դուռը
12.- Շախմատաշար դուռը
13.- Գայլաձորի դուռը
14.- Դուինի և Երեւանի դուռը
15.- Ապուղամրենց Ս. Գրիգոր եկեղեցին
16.- Առաքելոց եկեղեցին
17.- Երկու հիւրատուն
18.- Վրացական եկեղեցին
19.- Բախտաղեկի Ս. Գրիգոր եկեղեցին
20.- Գագկաշէն Ս. Գրիգոր եկեղեցին
21.- Սարգիսի պալատը
22.- Պարոնի պալատը
23.- Անիի Մայր Տաճարը
24.- Անիի կամուրջը
25.- Կուսանաց վանքը
26.- Տիգրան Հոնենցի Ս. Գրիգոր եկեղեցին
27.- Բաղնիք
28.- Ս. Փրկիչ Եկեղեցին
29.- Ձիթահանք
30.- Հովիւի եկեղեցին
Անի քաղաքի յատակագիծը ըստ Նիկողայոս Մառի (Nikolai Marr 1864 - 1934)

Ն. Մառի հայրը սկովտիացի էր եւ մայրը՝ վրացի։ Տիրապետած էր հայերէնի, վրացերէնի, ռուսերէնի, ֆրանսերէնի եւ պարսկերէնի։

Ն. Մառ, ընկերակցութեամբ ճարտարապետ Թորոս Թորամանեանի (1864 - 1934), հնախոյզներ Աշխարբէք Գալանթարի և Յովսէփ Օրպէլիի, նկարիչ Արշակ Ֆէթվաճեանի, պատմաբան Նիկողայոս Ատոնցի, լուսանկարիչներ Արամ Վրոյրի և որդին Արտաշէսի, Անիի մէջ 1904 - 1917 տարիներու ընթացքին, ընդմիջումներով, պեղումներ կատարած է։

Անիին թուրքերու կողմէ գրաւման հետեւանք պեղումներէն յայտնաբերուած իրերը կարելի չէ եղած տեղափոխել։ Երբ 1922-ին Գալանթար կը յաջողի անգամ մը եւս Անի այցելել, կը տեսնէ թէ իրենց կազմած թանգարանը կործանած է եւ հաւաքուած առարկաները կողոպտուած։
ԱՆԻ,անի,Ani ԱՆԻ,անի,Ani
Սովետական Հայաստանի դրոշմաթուղթ
Անիի միջնաբերդի եկեղեցւոյն եւ բերդի մայր մուտքի
աւերակի նկարներով, շրջանառութեան դրած՝ 1921-ին


ԱՆԻ,անի,Ani



Անիի մայր տաճարի օծման 1000-ամեակի առթիւ
Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակ հանած դրոշմաթղթային
գեղաթերթիկը (souvenir sheet) եւ արծաթ յուշադրամը


ԱՆԻ,անի,Ani

Անիի բերդի աւերակներէն երկու տարբեր տեսարան


ԱՆԻ,անի,Ani

Կուսանաց վանքը,
Անիի կամուրջը, Անիի պարիսպները,
Ախուրեան գետը (վերակազմութիւն)


ԱՆԻ,անի,Ani

Տիգրան Հոնենցի Ս.Գրիգոր եկեղեցւոյն
կաթողիկէին քանդակները


ԱՆԻ,անի,Ani

Սալիկ՝ ՍԱՐԳԻՍ գրութեամբ
(վերէն դէպի աջ)


ԱՆԻ,անի,Ani

Անիի 1000-ամեակի առթիւ բացիկ՝ դրոշմաթուղթով


ԱՆԻ,անի,Ani

Միջնաբերդի եկեղեցւոյն աւերակը


ԱՆԻ,անի,Ani

Գառնիկ Պասմաճեանի,1904-ին, Անիի մասին
հայերէն եւ ֆրանսերէն գրութեամբ
ու 24 նկարներով հրատարակած գրքոյկին կողքը





ԱՆԻ,անի,Ani
Հայկական Սովետական Սոսեալիստական Հանրապետութեան
Երեւանի գարեջուրի գործարանի երկու տարբեր պիտակները


ԱՆԻ,անի,Ani

Բացիկ - Անիի Մայր Տաճարը Յովհաննէս Քիւրքճեանի «Աւերք Հայաստանի - Անի» ժողովածուէն

ԱՆԻ,անի,Ani
ՎԵՐՋ



Նախորդ Էջ    Ներածական    Տուշպա - Վան    Արմաւիր    Երուանդաշատ    Արտաշատ    Տիգրանակերտ    Վաղարշապատ    Դուին    Բագարան    Շիրակաւան    Կարս