ՏԽՈՒՐ ՄԻՋԱԴԷՊ ՄԸ

Գիւղացիք եւ զինուորները ուրախութեան մէջ էին։ Մեծ կաթսաներ դրուած էին կրակին վրայ կերակուր պատրաստելու համար։

Քսան օր 6000 զինուորներու հետ կռուող խումբ մը քաջեր կը հիւրասիրէին իրենց հայրենակիցներէն, սիրալիր եւ խնդումերես։ Բերկրանք մըն էր տեսնել Հայ գիւղացին այդ խանդավառութեան մէջ, հրճուանք էր տեսնել նաեւ Հայ հարազատ զինուորը իր յաղթանակին մէջ։ Ամէնքը ուրախ եւ զուարթ էին։ Մէկը նստած իր հրացանը կը իւղէր, կը մաքրէր, ուրիշ մը իր հագուստները կը չորցնէր, ուրիշներ խորովածներու շիշերը կը դարձնէին կրակին վրայ, յաղթանակի տօնը տօնելու եւ ուրախութեան հացը ճաշակելու համար։ Գինովքի եւ հրճուանքի այս իրարանցումին մէջ միտքս ակամայ կ'երթա՜ր, կը հասնէ՜ր դէպի վանք։ Արդեօք ի՞նչ եղան որբերը, ի՞նչ համարձակութեամբ եւ վայրի ատելութեամբ թուրքեր իրենց պիղծ ոտքերը ներս դրին այդ օրհնուած սրբավայրէն։ Ի՞նչպէս անոնք կրնային համարձակ ու անվախ ներս մտնել, երբ դեռ երէկ չէին կրնար իրենց գլուխները բարձրացնել իրենց պատնէշներուն ետեւէն նայելու այդ հոյակապ գմբէթին, որուն վրայ քառաթեւ խաչը կը փայլէր լերան կատարին առընթեր, կապելով Հայ ժողովուրդին սէրն ու հաւատքը դէպի իրեն եւ դէպի իր հարազատ կռուող զաւակները։

Այս ցաւը, այս վիշտը երկաթի պէս ծանր կ'իջնէր երբ այդ պզտիկներուն հետ սիրելի Յարութիւնը եւ Ղազարը իրենց դալուկ դէմքերով աչքերուս առջեւ կուգային։ Կարծես դեռ ականջիս մէջ կը հնչէին անոնց վերջին հառաչանքները, վրէժի ուխտը։ Անոնք ինկած էին Ազգին Ազատութեան համար, մխիթարութիւնն ունենալով որ իրենց գերեզմանը պիտի ըլլար վանքին օրհնուած հողը միայն։ Վշտի ու ցաւի պարբերական զգացումներուն տակ փսփսուք մը, իրարանցում մը նշմարեցի զինուորներուն եւ ժողովուրդին մէջ։ Փոխուեցան տրամադրութիւնները, այլայլուեցան անոնց դէմքերը, քիչ առաջուան խանդավառ ցոյցերը եւ ծիծաղները չկային, ամէնքն իրենց ձեռքերը կուրծքերուն տարած գլխիկոր նստած էին։ Ի՞նչ կար, ինչո՞ւ համար վհատեցան անոնք, անո՛նք որոնք քսան օր անհաւասար գոյամարտ մը մղած էին եւ ընկճուած չէին։ Ի՞նչ պատահած էր, հարուածը անոնց սրտին, անոնց կուրծքին իջած էր։ Պոռացի իսկոյն։

«Գէո՛րգ, Գէո՛րգ, ի՞նչ պատահած է, ըսէ ինծի»։

Ոչ ոք չպատասխանեց։ Ստիպեցի որ խօսի։ Սուգը դէմքին վրայ եւ ցաւը աչքերուն մէջ, պատմեց թէ զինուորներէն մէկը ծանր կերպով վիրաւորուած էր տղոց մէկին գնդակէն եւ կը փափաքի վերջին անգամ քեզ տեսնել։

Բոպիկ եւ գլխաբաց ձիւնին մէջէն՝ վազեցի զինուորին քով։ Խասգիւղցի Մկրօն իր հրացանը մաքրելու ատեն, յանկարծ պայթած եւ վիրաւորած էր ծանր կերպով Տէրքէվանքցի Բարսեղը։ Երբ Բարսեղը տեսայ, սկսաւ լալ։ Գրկիս մէջ առի եւ համբուրեցի։ Տեսայ վերքը, սրտի աջ մասէն զարնուած էր եւ գնդակը կուրծքին մէջ մնացած էր։ Յոյս չկար ազատելու։ Փորձ մը ըրի, յուսահատ փորձ մը։ Բերանս վէրքին բացուածքին վրայ դրի եւ սկսայ ծծել գնդակը դուրս բերելու յոյսով, բայց ի զուր։ Արտասուալի աչքերով իր վերջին խօսքերը զրուցեց. «Լաւ կ'ըլլար որ զիս ալ Յարութիւնին քով պատուաւոր մահով մը թաղէիր, քան թէ ընկերոջ մը ձեռքով իյնայի։ Մկրօն չյանդիմանես, որովհետեւ անփորձ էր եւ եղածը ակամայ եղած էր»։

«Ուրիշ ի՞նչ կ'ուզես Բարսեղ»։

«Հաւանական է որ կինս ամուսնանայ, տղաս ձեզի կը թողում, անոր կրթութեան հոգ տարէք»։

Շարունակ ջուր կը խնդրէր, Աստուծոյ եւ Քրիստոսի անունով։ Գլուխը թեւերուս մէջ առնելով խոշոր աման մը ջուր խմցուցի։ Երկու վայրկեան վերջ գոյնը փոխուեցաւ ու լեզուն բռնուեցաւ։ Հասկցայ որ այլեւս կը մեռնի։ Երկու տղայքներ քովը թողուցի եւ պատուիրեցի որ երբ մեռնի դիակը Քոբ գիւղը թող բերեն։

Բարսեղի քովէն հազիւ վերադարձած էի, երբ գիւղացիք եկան ու ըսին. «Փաշա, եթէ թուրք զինուորները գան, եւ ըսեն թէ ո՞ւր գացին ճիժերը, ի՞նչ ըսենք անոնց»։

«Ես ձեզի իրաւունք կուտամ որ չուրանաք մեր հոս գալը։ Ըսէք թէ չենք գիտեր քանի՛ հարիւր հոգի էին երբ գիւղը մտան։ Ամէնքն ալ զինուած էին, տասը, տասնեւհինգ հոգի ծեծեցին, բռնի հաց առին, մեզ քանի մը տուներու մէջ լեցուցին, դռները փակեցին, պահապաններ դրին։ Կէս ժամ հազիւ անցած էր, դուրս ելանք եւ տեսանք թէ ոչ ոք չկար։ Չենք գիտեր ո՞ւր կամ ո՞ր կողմը գացին։ Ճամբայ մը Ծովասար, ճամբայ մը Աղբի, ճամբայ մը Շուշնամերկ, Կէլիկուզան կ'երթայ»։

Երբ այս իրաւունքները տուի իրենց ուրախացան, եթէ այս թելադրանքները չընէի, հաւանական էր որ, ծեծի տակ մատնութիւններ ըլլային։

Այս խօսակցութենէն հազիւ քանի մը վայրկեան անցած էր, երբ լուր եկաւ թէ Բարսեղը մեռաւ։ Լուր ղրկեցի Տէր Գարեգին քահանային որ գայ եւ թաղումը կատարէ։ Գիւղացիք ինծի խոստացան թէ իրենք ամէն բան պիտի կատարեն եւ թաղեն Բարսեղը գիւղի գերեզմանատան մէջ։

Մեր երկու հիւանդ զինուորները եւ ութը գիւղացիներ մեզի հետ առնելով գիշեր ատեն ճամբայ ինկանք։ Լուսաբացին հասանք Գիւղաշէն գիւղը։ Տեղացիք մեզ տեսնելով սարսափահար լեռը փախան մեզ թուրք զինուորներ կարծելով։ Երբ լուր հասաւ անոնց թէ մենք ենք, իսկոյն լեռնէն վար եկան։ Այս գիւղացիք ալ ուրիշ գիւղացիներու նման մատաղ խոստացած էին։ Այս գիւղին մէջ յայտնի դէմք մը կար որ Գրէ անունով կը կոչուէր։«Լաւօ, Տօնէ, տղաս գնա՛ եւ ըսածս ըրէ»։ Երկու եզ ունեցած է, որուն մէկը խոստացած էր մատաղ ընել մեր ազատութեան համար։

Այդ գիշեր լուր տարածուեցաւ շրջանի գիւղերը, Շէնիկցիք, Սէմալցիք, Կէլիկուզանցիք, Աղբէցիք, թուով մօտ երեք հարիւր զինուած մարդիկ լեցան գիւղը։ Մեր հիւանդները փոխադրեցին սահնակներով ապահով տեղեր խնամելու զանոնք։ Յաջորդ օր ալ հոս մնալէ վերջ անցանք Սէմալ։ Սէմալի նորընծայ Տէր Կարապետը ծանուցում ըրաւ ժողովուրդին եւ հարիւր կոտ ցորեն հաւաքելով ալիւր ըրաւ եւ մեզի բերաւ մեզի հետ Կէլիկուզան տանելու համար։

Սասունցի բոլոր իշխանները (մեծերը) մեզի եկան եւ հարց տուին. «Ի՞նչ կը մտածես փաշա, թուրք զինուորը կուգա՞յ ետեւէդ»։

«Ապահով եղէք, մէկ թուրք զինուոր իսկ չի կրնար քաջութիւնն ունենալ հոս գալու այս ձիւնին ու փուքին, եթէ անոնք փորձեն այդ լեռներէն անցնիլ, բոլորն ալ կը կոտորուին»։

Միւս օր փոխադրուեցանք Կէլիկուզան եւ մտածեցինք մեր ռազմանիւթին եւ հրացաններուն մասին։ Կոտրտած հրացանները շինեցինք, մաքրեցինք միշտ պատրաստ ըլլալով ոեւէ մէկ պատահարի դէմ։ Մենք ամէն օր լուր կը ստանայինք այն բոլոր դէպքերուն եւ զրոյցներուն մասին որոնք տեղի կ'ունենային Մուշի եւ շրջանի գիւղերուն մէջ։

Վանքին մէջ մեզ պաշարող 6000 թուրք զինուորներուն մէջ հիւանդութիւն մը ճարակած էր։ Հիւանդութիւն մը՝ որ նոր էր իր տեսակին մէջ ու անհասկնալի։ Կ. Պոլսէն, Երիզայէն բժիշկներ բերուեցան այդ հիւանդութեան առաջքն առնելու եւ դարմանելու համար։ Ամէն անոնք որոնք կը վարակուէին այդ հիւանդութեամբ, իրենց թոքերը կը մաշէր ու կը հատնէր մինչեւ որ մեռնէին։ Գտնուեցան բազմաթիւ զինուորներ ալ որ խելագարեցան եւ փողոցներ ինկան։ Այս տեսարաններէն Թուրք եւ Քիւրտ ժողովուրդները սարսափած զրոյցներու ծայր տուին։ «Հարկաւ կը մեռնին ու կը խենդանան, այսքան տարուան հինաւուրց վանքին վրայ գնդակ նետողները»։

Ժողովուրդին զրոյցներուն համաձայն 1800 թուրք զինուորներ մեռած եւ սպաննուած էին քսան եւ մէկ օրուան մէջ, ըստ կառավարական պաշտօնական տեղեկագրին 35 թուրք զինուորներ մեռած էին։ Այն Հայերը որոնք զինուորին միսը, հացը, կօշիկը եւ հագուստը պայմանարկած (խոնտուրաթ) էին, անոնց տուած տեղեկութեան համաձայն թէ սպաննուած եւ թէ մեռած էին քսան եւ մէկ օրուան մէջ 558 թուրք զինուորներ։

1903ին ինծի մօտ եկան իրենց զէնքերով միասին վանքը պաշարող թուրք զինուորներէն մէկ քանին։ Այս զինուորները կարգ մը դէպքեր պատմեցին որոնք մեզի համար բոլորովին նորութիւններ էին։ Զինուորներէն մէկը Զիա պաշչաւուշ, իսկ միւսը Ապտուլլահ օնպաշի անուններով կը կոչուէին։ Ասոնք մինչեւ 1904 Սասունի կռիւներուն իմ քովս մնացին եւ ինծի օգտակար եղան թարգմանելով թրքական բոլոր հրամանները որոնք փողի ձայնով (պօռօզան) թուրք զինուորին կը տրուէին։ Երբ 1909ին գաղտնի անցագրով Կ. Պոլիս գացած էի, յանկարծ «Ազատամարտ»ի խմբագրատան մէջ ինծի հանդիպեցաւ այս զինուորներէն մէկը։

Այս թուրք զինուորները դժգոհ իրենց վիճակէն, ինծի մօտ եկած էին հանգիստ հաց մը ուտելու։ Անոնք պատմեցին թէ ձեր յաջողութիւնը հարկադրեց կառավարութիւնը, որ թնդանօթ քաշէ ձեր վրայ։ Ալի եւ Ֆէրիք փաշաները որոնք 6000 զինուորներուն հրամանատարներն էին, անհամաձայնութիւն մը ունեցած էին իրենց մէջ վանքին վրայ թնդանօթ քաշելու խնդրոյն շուրջ։ Ալի փաշան կը պնդէր թէ թնդանօթ պէտք էր բերել եւ զարնել, թէ ոչ այդ մարդիկը վանքէն դուրս կուգան եւ մենք անպատիւ կ'ըլլանք թէ կառավարութեան եւ թէ ժողովուրդին առջեւ, բայց Ֆէրիք փաշան կը հակառակի առարկելով թէ իրեն ոեւէ հրաման չկայ Կ. Պոլսէն։

Ալի փաշան դժգոհ Երիզա կը մեկնի 4րդ բանակէն թնդանօթներ եւ նոր հրաման ու զինուորներ բերելու համար։ Իր կէս ճամբուն վրայ լսելով ձեր վանքէն դուրս գալը ետ կը վերադառնայ։

Ժողովրդական զրոյցներու համաձայն Ֆէրիք փաշան իսկոյն Կ. Պոլիս կանչուած է մեր վանքէն դուրս գալէն վերջ՝ սա ամբաստանութեամբ թէ «Ֆէրիք փաշան վանքը պաշարող շղթային մէկ մասը պարապ ձգած է Անդրանիկ փաշայի եւ իր զօրքերուն առջեւ, Անդրանիկ փաշայէն հսկայ գումարներ կաշառք ստանալով»։ Արդէն Տիգրանակերտէն մինչեւ Պիթլիս, Վան, խարբերդ եւ Կարին նահանգները շրջան ըրած էր մեր պաշարուիլը վանքին մէջ։ Այնպէս հաւատացուցած էին ժողովուրդը թէ այլեւս հնարաւորութիւն չկայ Հայ յեղափոխականներու ազատութեան, բայց հիմա մենք անվնաս էւ ազատ դուրս եկած էինք վանքէն։ Մեր ազատութիւնը անըմբռնելի էր,հասարակ ժողովուրդին եւ պաշտօնեաներուն։ Մեր յաղթանակը խաղի եւ կաշառքի քօղովը ծածկել ջանացին, իրենց անկումը եւ տկարութիւնները ծածկելու համար։

Վանքին մէջ երբ պաշարուած էինք մենք, Մուշի բանտին մէջ Սեւ Քարեցի Սագօն եւ Ճիպրանցի Քիւրտ Համիտիէ Ալայի հրամանատարներէն մէկը գրաւի կուգան մեր ազատութեան համար։ Ճիպրանցի տղան որ բանտարկուած էր Սագոյի պէս, օր մը բարեկամանալով Սագոյի հետ կ'ըսէ. «Սագօ՛, Անդրանիկ փաշան պիտի ազատի վանքէն»։ Քիւրտ աղային այս խօսքերէն ազդուած՝ Սագօն կ'ըսէ. «Ի՞նչ բանի վստահելով կ'ըսես այդ, աղա, քանի որ ես գիտեմ թէ այլեւս անկարելի է անոր եւ իր զինուորներուն ազատութիւնը, երբ 6000 զինուորներ շղթաներ ձգած արգիլած են անոնց ազատութիւնը»։

«Սագօ՛, եթէ այդ մարդը չազատի, ես իմ ձիերէս մէկը քեզի նուէր պիտի տամ, եթէ ազատի դուն ինծի ի՞նչ պիտի խոստանաս»։

«Ես հոս բան մը չունիմ բացի իմ սազէս, բայց երբ ազատուիմ ու երթամ Ռուսաստան, ես ալ քեզի աղուոր նուէր մը կը ղրկեմ»։

Օր մը Մուշի բանտարկեալներն ալ կը լսեն մեր վանքէն ազատիլը։ Քիւրտ աղան իսկոյն կը պոռայ. «Սագօ՛, Սագօ՛, տեսա՞ր, ես չըսի՞ թէ այդ մարդը պիտի ազատի»։ Սագօն կը մօտենայ եւ կ'ըսէ. «Աղա, ի՞նչ բան թելադրեց քեզ որ խորհիս թէ Անդրանիկ փաշան պիտի ազատի»։ «Սագօ՛, այդ մարդը այսքան տարի է հոս է, լսա՞ծ էք որ անմեղի մը քիթը արիւնէ կամ անիրաւ տեղը մէկը սպաննէ։ Աստուած այդ մարդը չազատէր հապա ո՞վ ազատէր։ Այս էր իմ հաւատքս, որ ինծի խորհիլ կուտար թէ պիտի ազատուին»։

Յունուար ամիսն էր. Մուշի երբեմնի Առաջնորդի փոխանորդ Տէր Յարութիւն Քահանայի հետ Ռուս հիւպատոս Պ. Րումանովսքի լուր ղրկած էր ինծի Սասուն՝ թէ կարելի՞ է տեսակցութիւն մը ունենալ։ Պատասխանեցի թէ՝ եթէ իրեն հետ տեսնուիմ Մուշի մէջ, պէտք է ինծի հետ ընկերանան 150 զինուած տղայքներ։ Անմիջապէս պատասխան ղրկած էր թէ, «Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ, եթէ ինք չի կրնար գալ, թող իր գրագիրներէն մէկը ղրկէ»։

Նախ մտածեցինք Վաղարշակը ղրկել, բայց յետոյ խորհեցանք թէ արժէք ունեցող բան մը պիտի չըլլար հիւպատոսին ըսածները, ուստի լուր ղրկեցի Տէր Հօրը թէ, «Եթէ այդ մէկը մօտդ ղրկեմ, ան չի կրնար վերջնական պատասխան մը տալ քեզի առանց մեզի հետ խորհրդակցելու։ Հիւպատոսը քեզի թող խօսի եւ դուն ալ մեզի բեր անոր ըսածները»։

Լուրերու Սասունէն Մուշ երթալ գալը մինչեւ Փետրուար ամիսը տեւեց։ Օր մը Տէր Յարութիւն Քահանան հետեւեալ լուրը ղրկեց ինծի։ «Թուրք կառավարութիւնը բոլոր կատարուած չարիքները կը ձգէ՝ ձեր յեղափոխականներուդ վրայ, առարկելով թէ դուք էք որ կը խանգարէք երկրին անդորրութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Եթէ անոնք հեռանան այս երկրէն, գայլ եւ գառնուկը մէկտեղ պիտի ապրին ու մենք պատասխանատու կ'ըլլանք ամէն արեան կաթիլի, հետեւապէս Ռուսիոյ հիւպատոսը կը թելադրէ ձեզ որ ատենուան մը համար հեռանաք այս երկրէն։ Ես, կ'ըսէ հիւպատոսը, Պոլսոյ մեր Ռուս դեսպանին միջոցաւ ձեզի ներում կը բերեմ եւ ձեզի հետ ձին հեծած ապահով կերպով մինչեւ Պարսկաստան կը տանիմ»։

Ես ալ պատասխանեցի հետեւեալը.

«Մենք այս երկրին զաւակներն ենք։ Ինչպէս ինք Ռուս պաշտօնեայ մը իր պետութեան հրամանները կը կատարէ, մենք ալ մեր վերին հրամանները կատարող պաշտօնեաներ ենք հոս, առանց մեզի վերէն տրուելիք հրամանին ասկէ դուրս չենք կրնար գալ։ Թող ինք շարունակէ Հայ ժողովուրդը Օրթոտոքս եկեղեցիին դարձնել, իսկ մենք ալ կը շարունակենք մեր գործը։ Շնորհակալութիւն յայտնեցէք մեր կողմէն իր բարեացակամ վերաբերումին եւ առաջարկներուն համար»։

Օրթոտոքսութեան խնդիրը կարծեմ այնքան յառաջ գացած էր, որ Հայ եկեղեցին օրթոտոքս ձեւով պատարագ պիտի ընէր։ Բաւական ջանքերէ վերջ երբ Ռուս հիւպատոսը տեսաւ թէ ոեւէ յաջողութեան յոյս չկայ, Զատկի կանաչ կիրակին Մուշէն մեկնեցաւ մէկ քանի քաջալերական խօսքեր խօսելով Մուշի աչքառու Հայ դէմքերուն, ջատագովելով իր աշխատանքները, յայտնելով անոնց թէ մօտ ատենէն դարձեալ Մուշ պիտի վերադառնայ։

***

Արդեօք 1914ի ընդհանուր պատերազմին եթէ Մուշի դաշտին Հայ ժողովուրդը Օրթոտոքս եկեղեցին ընդունէր, պիտի կոտորուէ՞ր, ինչպէս կոտորուեցան Կաթոլիկ եւ Բողոքական Հայերը։ Պատասխանս է. «Այո՛, պիտի կոտորուէր»։

 

Ֆրէզնօ, 5 Ապրիլ 1924

 

Հրատ. խմբ.՝ Ա. Մ. Գաբրիէլեան, գեղ. խմբ՝ Ն. Ա. Թովմասեան, տեխն. խմբ.՝ Հ. Հ. Խաչատրեան, վերստ. սրբ.՝ Մ. Գ. Յավրեան
Յանձնուած է շարուածքի 10. 01. 1992 թ.։ Ստորագրուած է տպագր. 3. 06 1992 թ.։ Չափսը 60X84 1/32։ Թուղթ No. 2։ Տառատեսակը «Նորք»։ Տպագր. եղանակը «Բարձր»։ Հրատ. 2,3 մամուլ։ Տպ. 2,25 մամուլ = 2,09 պայմ. մամուլի։ Տպաքանակ 20.000։ Պատուէր 685։ Գինը՝ 5 ռ.։

Եր. համ. հրատ., Եր., Մանուկեան փ. No 1։

Երեւանի համ. տպ. Եր., Աբովեան փ. No 52։

(* ) Կամ 273,360 քառակուսի ոտք։

(**) Բերուտեղը վանքի այն մասն է, ուր ոչխարները կը բերեն հոն կթելու համար։


ՆԱԽՈՐԴ ԷՋ   ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ


Copyright: YEREVAN STATE UNIVERSITY - ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ