ԴՈՒԻՆ



Դուին - Կեդրոնական Թաղ
(Վերակազմութիւն)





Քաղաքի եւ միջնաբերդի
յատակագիծը




Պեղումներ



Դուինի ջրամատակարարման խողովակներու
միացման կեդրոն







Պեղումներու ընթացքին
գտնուած սափորներ




Քրեղան՝ արագիլի պատկերով



Յախճապակիէ թաս



Ոսկորէ առարկաներ



Քարէ արձանիկի գլուխ



Պղինձէ ճրագ



Ոսկի ապարանջան



Ջութակահարի նկարով սրուակ



Արծաթ դրամ
Արաբական Խալիֆայութեան Օմայեան Հարստութեան
կտրուած Դուինի փողարանը
Հիճրայի 84 թուականին (703)

Silver coin - Struck in Tvin at 84 A.H
(703 A.D.)
Arab Caliphate - Ummayad Dynasty
(661-750 A.D.)
Քաղաքը հիմնած է Խոսրով Բ. Կոտակ թագաւորը (330-338)։ Արաքս գետը, որ Արտաշատ մայրաքաղաքի շուրջ ծնկաձեւ կը պտտէր եւ քաղաքը երեք կողմէն ջրային արգելակով կը պաշտպանէր, իր հունը կը փոխէ ու քաղաքին մօտերէն կը հեռանայ, մայրաքաղաքի շուրջ թողելով ճահիճներ, որոնք բազմաթիւ մահաբեր հիւանդութիւններու պատճառ կ'ըլլան։ Հունի փոփոխութեամբ քաղաքը կը կորսնցնէ իր ռազմական պաշտպանութիւնը։ Խոսրով այս անպատեհութիւնները նկատի առնելով կ'որոշէ նոր աթոռանիստ քաղաք մը շինել։

Դուին Արտաշատի մօտ 30 մ. բարձրութեամբ բլուր մըն է։ Ըստ Փաւստոս Բիւզանդի Դուին բլուրին անունն է, իսկ ըստ Մովսէս Խորենացիի՝ Դուին պարսկերէնով բլուր կը նշանակէ։ Արաբներ քաղաքը կոչած են Դաբիլ կամ Ադաբին, յոյները՝ Դուվիյ։ Դուին նոյնիսկ Ք.Ա. 2-1 հազարամեակներուն բնակութեան վայր եղած է։ Յայտնաբերուած են այդ շրջանին պատկանող կիկլոպեան (խոշոր քարերով եւ առանց շաղախի շինուած) պարիսպներու հետքերը։

Բլուրի վրայ միջնաբերդի գագաթի հարթակին կը շինուի թագաւորական պալատը, ուր, Արշակունիներու անկումէն վերջ (428), կը նստին մարզպանները եւ արաբ ոստիկանները։ Ստորին հարթակի վրայ կը շինուի զինավարժութեան եւ մրցումներու համար ընդարձակ հրապարակ։ Միջնաբերդը ամբողջութեամբ կը շրջապատուի 5-6 մ. խորութիւն եւ 30-50 մ. եւ տեղ-տեղ ալ 65-70 մ. լայնքով ջրափոսով, որուն ջուրը կուգայ Ազատ գետէն՝ արուեստական ջրանցքով։ Ստորին բերդի կաւակերտ պարիսպներուն հաստութիւնն է 12-15 մ. եւ բարձրութիւնը՝ 15-20 մ.։ Պարիսպի չորս ծայրերուն կը շինուին աշտարակներ եւ իրարմէ 40 մ. հեռաւորութեամբ 30-է աւելի հսկայ բուրգեր։

Դուինի ճարտարապետական նշանաւոր կառոյցներէն է գլխաւոր շուկան՝ ներքին երեք փողոցներով եւ վեց շարք իջեւան-խանութներով, որ եղած է միջազգային վաճառատուն։

Քաղաքի բոլոր թաղերուն շրջակայ լեռներէն կաւէ խողովակներով խմելու ջուր բերուած է։

Արտաշատի բնակչութիւնը կը փոխադրուի Դուին։ Խոսրով քաղաքին տաք կլիման բարելաւելու համար, Ազատ գետի երկու կողմերուն վրայ ծառեր կը տնկէ եւ պարիսպներով շրջափակուած այս անտառները կը կոչէ Տաճար մայրի եւ Խոսրովակերտ։ Թագաւորին ու ազնուական դասուն որսորդական հաճոյքին գոհացում տալու համար ալ անտառ կը բերուին զանազան տեսակի վայրի անասուններ։ Այս անտառները կ'օգտագործուին նաեւ զինավարժութեան համար։ Անտառի մէկ մասը մնացած է մինչեւ մեր օրերը, որ կը նկատուի ամբողջ աշխարհի մէջ արուեստականօրէն տնկուած անտառներէն հնագոյնը։

Արշակունի Թագաւորութեան անկումէն վերջ, երբ երկիրը պարսիկներէ նշանակուած հայ կամ պարսիկ մարզպաններու՝ կուսակալներու միջոցաւ կը կառավարուի, Դուին կ'ըլլայ Մարզպանական Հայաստանի (428-652), նաեւ Խալիֆայութեան օրով (652-858) անոնց Էրմէնիա (Արմինիա) վարչաշրջանի կեդրոնը։

Պարսիկները Հայաստանի մէջ կռապաշտութիւնը վերահաստատելու համար ուրացող հայ նախարարի մը օգնութեամբ Դուինի մէջ մեհեան մը կը շինեն։ Հայոց սպարապետը՝ Վարդան Մամիկոնեան, կը կործանէ մեհեանը ու անոր տեղ կը շինէ քաղաքի ճարտարապետական զարդը նկատուած Ս. Գրիգոր կաթողիկէն։

Նախարարները Գիւտ Ա. Արահեզացի կաթողիկոսը (461-478) Վաղարշապատէն Դուին կը հրաւիրեն։ Այսպէսով կաթողիկոսարանը 450 թուականին Դուին կը փոխադրուի։ Եկեղեցւոյ կից կը կառուցուի վեհարան, պաշտօնատուներ, բարձրագոյն դպրոց եւ զանազան շէնքեր։ Հայոց նախարարները իրենց համար կը շինեն պալատներ եւ քաղաքը կը պատեն որմնապարիսպներով։

Դուինի մէջ կը գումարուին շարք մը եկեղեցական ժողովներ։

Բաբգէն Ա. Ոթմսեցի կաթողիկոսի (490-516) շրջանին, 506-ին, Աղուանից եւ Վրաց կաթողիկոսներուն եւ եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ Պարսկաստանի կղերականներուն ալ մասնակցութեամբ կը գումարուի ժողով, ուր կը քննուի եւ կը մերժուի նեստորականութիւնը, որ Քաղկեդոնի (Իսթանպուլ քաղաքին Գատըգիւղ արուարձանը) Ժողովով (451) ուժ ստացած էր։ Նեստորականութիւնը Եփեսոսի (Էֆէս՝ Թուրքիոյ հարաւ-արեւմտեան կողմը) Տիեզերական ժողովին (431) կը նզովուի եւ այս աղանդին հետեւորդները Բիւզանդական Կայսրութեան սահմաններէն դուրս կը հանուին եւ իբրեւ հակայոյն տարր պարսիկներու կողմէ ընդունելութիւն կը գտնեն։

Ներսէս Բ. Բագրեւանդացի կաթողիկոսի (548-557) օրով, 554 թուականին կը գումարուի Դուինի երկրորդ ժողովը, թէեւ 508-ին ալ ժողով մը գումարուած է, որ եպիսկոպոսական պարզ ժողովի մը բնոյթը ունի։ Այս ժողովին կը մասնակցին թէ՛ եպիսկոպոսներ եւ թէ՛ նախարարներ։ Կ'ընդունուին « Ուխտ Միաբանութեան Հայոց Աշխարհիս» կոչուած քահանաներու գործելակերպին ուղղութիւն տուող կանոնները։

Աբրահամ Ա. Աղբաթանեցի կաթողիկոսի (607-615) օրով, 609-ին, կը գումարուի երրորդ ժողովը։ Այս ժողովին կը քննուի «Ինն Դասուց» կամ «Ինն Կարգաց» հարցը։ Ըստ կարգի Հայոց աթոռը կը հռչակուի պատրիարքութիւն, ինչպէս որ է յունացը, Աղուանից աթոռը՝ արքեպիսկոպոսութիւն եւ Սիւնեաց աթոռը՝ մետրապոլիտութիւն։

Ներսէս Գ. Իշխանցի կաթողիկոսի (641-661) օրով ալ, 645-ին կը գումարուի չորրոդ ժողովը։ Այս ժողովին նպատակն է նկատողութեան առնել եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնները։ Որոշուած 12 կանոնները կ'անցնին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կանոնագրքին մէջ որպէս կանոնական օրէնքներ։

Բիւզանդիոնի Կոստանդին կայսրէն եւ Պիւռոս պատրիարքէն ստացուած հայոց քաղկեդոնականութիւնը ընդունիլը պարտադրող նամակներու պատճառով, 648-ին, կաթողիկոսի ու սպարապետ Թէոդորոս Ռշտունիի նախաձեռնութեամբ, եպիսկոպոսներու եւ իշխաններու ալ մասնակցութեամբ, կը գումարուի հինգերորդ ժողովը։ Ժողովը կը մերժէ եկած առաջարկը, մատնանշելով, թէ ոչ-քրիստոնեայ Պարսկաստանն անգամ կրօնական գետնի վրայ ոչ մէկ ճնշում կը բանեցնէ։

Յովհաննէս Գ. Օձնեցի կաթողիկոսի (717-728) օրով, 720-ին, տեղի կ'ունենայ վեցերորդ ժողովը։ Ժողովին կը մասնակցին երեսունէ աւելի եպիսկոպոսներ, 715-ին արաբներու Էրմէնիա (Արմինիա) վարչաշրջանին պատրիկ` կառավարիչ նշանակուած Աշոտ Բագրատունի եւ գլխաւոր նախարարներ։ Ժողովը կ'իւրացնէ կղերականներու եւ աշխարհականներու կենցաղի եւ որոշ ծէսերու կատարման հետ առնչութիւն ունեցող 32 կանոններ։

Յովհաննէս Գ. աւանդութեամբ եկած, ժողովներով որոշուած կանոնները ի մի կը հաւաքէ։ Այսպէսով յառաջ կուգայ «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կանոնագիրք»-ը։

Մարզպանական շրջանին արհեստները եւ առեւտուրը բաւական կը զարգանան։ Առեւտուր կը կատարուի Փոքր Ասիոյ, Հարաւային Ասիոյ, Հարաւային Ռուսիոյ, Հարաւային Եւրոպայի, Հիւսիսային Ափրիկէի, Բիւզանդիոնի, Միջագետքի, Միջին Ասիոյ, Կովկասեան՝ յատկապէս Վրաստանի շատ մը քաղաքներուն հետ։

Դուին ունեցած է 5-6-րդ դարերուն կառուցուած, չորս շարք սիւներով եւ սալայատակ միջանցքներով քարաշէն կեդրոնական վաճառատեղ։ Այս շուկան 893-ի մեծ երկրաշարժէն կործանած է, սակայն վերակառուցուած։ Շուկան այդ թուականէն առաջ ալ կործանած է ու վերաշինուած։ Երբ 13-րդ դարուն ալ կը կործանի այլեւս չի վերաշինուիր։

Արաբական արշաւանքներու եւ Խալիֆայութեան շրջանի ծանր տուրքերու հետեւանքով արհեստաւորները կը հեռանան եւ առեւտուրը կը տկարանայ։ Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումէն (885) յետոյ քաղաքի առեւտրական կեանքը կ'աշխուժանայ։ Կ'արտածուին բրդէ եւ մետաքսէ գործուածքներ, ծածկոցներ, բազմոցներ, գեղեցիկ ու թանկարժէք գորգեր, յախճապակեայ առարկաներ, որդան կարմիր, որոնց պահանջքը կար օտար երկիրներու մէջ։ Անիի մայրաքաղաք հռչակումով (961) Դուին իր փայլը կը կորսնցնէ։

Դուինի մէջ, առանձին թաղերով, բնակած են նաեւ պարսիկներ, ասորիներ, յոյներ, արաբներ։ Հայութիւնը միշտ եղած է մեծամասնութիւն։ Ըստ արաբ մատենագիրներու քաղաքի բնակիչները իրարու հետ հայերէն կը խօսէին։ Դուին իր ամենածաղկուն շրջանին ունեցած է աւելի քան 130,000 բնակչութիւն։

Դարերու ընթացքին Դուին ենթարկուած է արշաւանքներու, կողոպուտներու, աւերներու։

640 թուին արաբներ քաղաքէն ներս կը խուժեն, բնակչութիւնը կը կոտորեն, մեծ քանակութեամբ աւար ու կողոպուտ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ գերիներ հետերնին կը տանին։ Երկու տարի վերջ դարձեալ կուգան։ Եկեղեցիները կը կործանեն, կղերականները կը սպաննեն։ 12,000 հոգի սուրէ կ'անցնեն։ 35,000 անձ կը գերեվարեն։

654-ին դարձեալ կը պաշարեն քաղաքը ու քարանետ մեքենաներով պարիսպներէն ներս քար կը տեղացնեն։ Բնակչութիւնը հաշտութիւն կը խնդրէ։

655-ին Բիւզանդացի զօրավար Մաւրիանոս կ'աւերէ Դուինի բերդը ու կը յառաջանայ դէպի Նախիջեւան, ուր արաբական բանակէն չարաչար պարտութիւն կը կրէ։

697-698 թուականներուն հայեր արաբները քաղաքի պարիսպներուն մէջ կ'արգելափակեն եւ անոնցմէ մօտ 60,000 հոգի կը կոտորեն։

701 թուականէն սկսեալ Հայաստանը, Արեւելեան Վրաստանը, Աղուանից աշխարհը կը կազմեն Խալիֆայութեան Էրմէնիա (Արմինիա) վարչաշրջանը, որուն մէջ երբեմն կը մտնէ նաեւ Ատրպատականը։ Մինչեւ 789, Դուին կ'ըլլայ այս վարչաշրջանի կեդրոնը, ապա՝ Աղուանից Պարտաւ քաղաքը։ Շրջանը կառավարող էմիրը՝ ոստիկանը, Խալիֆային բարձրագոյն պաշտօնեան է։ Հայաստանի ներքին գործերով կը զբաղին հայ նախարարները։

794-ին Աղուանիքէն եկած Աբու Մուսլիմի հրոսակները կը յարձակին Դուինի վրայ եւ չորս ամիս քաղաքը կը պաշարեն, սակայն անյաջողութեան մատնուելով կը հեռանան։

813-ին Ջահհան անունով արկածախնդիր մը Դուինը կը գրաւէ եւ իր որդին Աբդ ալ-Մալիք կ'ըլլայ ոստիկան։ Սպարապետ Շապուհ Բագրատունի կը յարձակի Դուինի վրայ։ Քաղաքի մէջ ոստիկանին դէմ ապստամբութիւն կը ծագի։ Ժողովուրդը ոստիկանը կը սպաննէ ու դռները կը բանայ։

892 թուականին հայոց արքայ Սմբատ Ա. (890 -914) կը գրաւէ Դուինը, երկու ոստիկան եղբայրներէն մեծաքանակ ոսկի առնելէ վերջ զանոնք շղթայակապ Բիւզանդիոյ կայսրին կը ղրկէ։

894-ին Ատրպատականի կառավարիչ Աֆշին (Աւշին, Ափշին) կը գրաւէ Դուինը, սակայն Սմբատի զօրքերը զինք երկրէն կը հեռացնեն։ 914-ին Ատրպատականի նոր կառավարիչը՝ Եուսուֆ, քաղաքը կը գրաւէ, խաբէութեամբ Սմբատը գերի կը բռնէ ու կը գլխատէ։

922-ին բիւզանդական բանակը քաղաքը կը գրաւէ, սակայն ժողովուրդը եւ զօրքը զանոնք դուրս կը քշեն։

Դուին, 1225-ին, Խորեզմի թագաւոր Ճէլալ Էդ Դինի (1220-1235) յարձակումով վերջնականապէս կործանելէ առաջ բազմիցս ձեռք փոխած է հայերու եւ շուրջի էմիրներու եւ ամիրաներու միջեւ։

Ոչ միայն թշնամիները, բնութիւնն ալ Դուինին մեծ վնասներ հասցուցած է։

Սարսափելի երկրաշարժեր պատահած են 854, 858, 863, 869 թուականներուն։ 863-ի երկրաշարժը տեւած է երեք ամիս։ Ամենէն աղիտալին պատահած է 893-ին։ Գիշերը լուսինը կը խաւարի, սեւ քամի կը փչէ եւ յետոյ երկրաշարժ կը պատահի։ Աւելի վերջ քաղաքը հինգ անգամ եւս կը ցնցուի։ Հողը կը ճեղքուի, շէնքերը կը փլչին, տաս հազարներով մարդ փլատակներու տակ կը մնայ։ Դիակներու թաղումը անհնար ըլլալուն անդունդներէ վար կը նետուին։ Զոհերուն ընդհանուր թիւը 70,000 է։ Դուինի ժողովուրդը մեծ թափով կը լծուի քաղաքի վերաշինութեան։

Դուինի առաջին պեղումները կը սկսին 1899-ին։ 1904-1907-ին Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ արտաքին պատերու պեղումները կը կատարուին։ Կը գտնուի Տիրամօր պատկերով խճանկար, ջնարակուած ամաններ, կանթեղներ, եւ այլն։ 1937-1939-ին կը պեղուի կաթողիկոսի պալատը։

1946-էն ի վեր կը կատարուին կանոնաւոր պեղումներ։ Գտնուած է հեթանոսական շրջանէ գերեզմանադաշտ՝ քարէ արձաններու եւ քանդակներու կտորներով։

Գտնուած են նաեւ նետասլաքներ, նիզակներու ծայրեր, տէգեր, դաշոյններ, սուրեր, ուրագներ, կացիններ, մկրատներ, մեծ ու փոքր կաթսաներ, սափորներ, ձիթաճրագներ, զարդանախշ թասեր, ոսկէ եւ արծաթէ բարձր ճաշակի ապարանջաններ, շղթայաձեւ մանեակներ, մատանիներ, ականջօղեր, գօտիներ, սափորներ, մինչեւ հազար լիդր տարողութեամբ կարասներ, ապակեայ զարդեր, սրուակներ, գաւաթներ, քիմիկոսներու փորձանօթներ, ոսկրային զանազան իրեր։ Գտնուած են քանդակներ, որոնցմէ շատեր հայկական արուեստի գլուխգործոցներ են։

Յայտնաբերուած է յախճապակեայ անօթ` վրան նկարուած ծալապատիկ նստած քամանչայ նուագող եւ ապակեայ սրուակ` վրան ծալապատիկ նստած ջութակահար։ Այս նկարները վերոյիշեալ նուագարաններու աշխարհի հնագոյն պատկերներէն են։

Ք. Ա. (Քրիստոսէ Առաջ) B. C. (Before Christ)
Ք. Վ. (Քրիստոսէ Վերջ) A. D. (Year of our Lord)
Հիճրայէն Վերջ A. H. (Anno Hegirae / Hejira)
Մահմետականներուն տոմարը կը սկսի մահմետականութեան հիմնադիր
Մուհամմէտին Մէքքէ քաղաքէն Մէտինէ գաղթով (Hejira) Ք.Վ. 622



Նախորդ Էջ    Ներածական    Տուշպա - Վան    Արմաւիր    Երուանդաշատ    Արտաշատ    Տիգրանակերտ    Վաղարշապատ    Բագարան    Շիրակաւան    Կարս    Անի