|
ՇԻՐԱԿԱՒԱՆ
|
|
![]() ՇԻՐԱԿԱՒԱՆ / ԵՐԱԶԳԱՒՈՐՔ նետացուցուած |
|
![]() Տիգնիս ամրոցը ![]() Դրամ՝ Վասիլ Ա.-ի (867-886) Հայազգի Վասիլ Բիւզանդիոնի մէջ հիմնադիրն է Մակեդոնական (Հայկական) Հարստութեան։ Վասիլ ծնած է Մակեդոնիոյ մէջ, այդ պատճառով ալ իր հիմնած հարստութիւնը կոչուած է Մակեդոնական Հարստութիւն ![]() Ս. Փրկիչ եկեղեցին Թորոս Թորամանեանի ուսումնասիրութեան օրերուն ![]() Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ճակտի հարթաքանդակ ![]() Դրամ՝ Բիւզանդիոյ հայազգի կայսր Լեւոն Զ.-ի (886-912) Լեւոն զաւակն է Վասիլ Ա.-ի ![]() Դրամ Բիւզանդիոյ հայազգի Կոստանդին Է. Ծիրանածին կայսրի (913-920, 944-959) ![]() Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մուտքին առջեւ շրջանէն հաւաքուած խաչքարեր, քարեր, տեղւոյն քահանան եւ պեղումները կատարողներ ![]() Թորոս Թորամանեան (1864-1934) Հայկական ճարտարապետութեան գիտական ուսումնասիրութեան հիմնադիրն է։ Շնորհիւ իր աշխատանքներուն՝ յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ, եւրոպացիներ ընդունած են ինքնուրոյն հայկական ճարտարապետութեան գոյութիւնը։ Նկար՝ Անիի պեղումներուն ընթացքին ![]() Դրամ Արաբական Խալիֆայութեան Օմայեան հարստութեան կտրուած Հայաստանի մէջ Հիճրայի 96 թիւին (714-715) |
Քաղաքը կը կոչուի նաեւ Երազգաւորս (Երազգաւորք, Երազգաւորգ)։ Կը գտնուի Շիրակի շրջանին մէջ, Անիի հիւսիսարեւելքը, Ախուրեան գետի աջ ափին վրայ (այժմ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ)։
Քաղաքին որ թուականին եւ որու կողմէ հիմնուած ըլլալուն մասին յստակ տեղեկութիւններ ցարդ չեն յայտնաբերուած։ Երազգաւորս անուան ծագումը կը վերագրուի Երուանդունիներու Երուազ տոհմանունին։ Երազգաւորս գոյութիւն պէտք է ունեցած ըլլայ շատ հին ժամանակներէն ի վեր։ Վրաց մատենագիր Լեոնտի Մրովելին տուած տեղեկութեան համաձայն, Արտաշէս Ա.-ի օրով (Ք.Ա. 189-160), վրացիներ ու հիւսիսային լեռնականներ Հայաստանի վրայ կը յարձակին եւ կը թալանեն զանազան բնակավայրեր, ի մէջ այլոց, Երազգաւորսը։ Շիրակաւան ունեցած է իր ամրոցը՝ ցած բլուրի մը վրայ։ Անկէ 3 քմ. հեռաւորութեամբ բարձր բլուրի վրայ կը գտնուի Տիգնիս ամրոցը։ Բերդը շինուած է նախաքրիստոնէական շրջանին։ Ան կը պաշտպանէ Շիրակաւան մօտեցող ճամբաները։ Բագրատունիներ զայն հիմնովին վերակառուցած են։ 7-րդ դարու ծանօթ պատմագիր Սեբէոս Բագրատունեաց եպիսկոպոս հայոց 6-րդ եւ 7-րդ դարերու պատմութիւնը գրած է, տալով ընդարձակ տեղեկութիւն շրջանի մեծ պետութիւններուն մասին։ Ան իր գրութիւններուն մէջ Երազգաւորսը կը յիշատակէ որպէս գիւղ։ 826-ին կը կառուցուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցին։ Սմբատ Բագրատունի սպարապետի (851-855) նախաձեռնութեամբ 855-ին Շիրակաւանի մէջ կը գումարուի եպիսկոպոսական ժողով, եւ գուցէ Սմբատի ալ ազդեցութեամբ, Կոտայք գաւառի Ձագ գիւղէն Զաքարիա անուն աշխարհական մը, մէկ օրուայ մէջ սարկաւագական, քահանայական եւ եպիսկոպոսական աստիճաններ կը ստանայ ու կաթողիկոս կ'օծուի։ Սմբատ, կաթողիկոսական ընտրութենէ վերջ, սպարապետութիւնը կը յանձնէ իր որդւոյն` Աշոտի ու կը մեկնի Սամարա` արաբ խալիֆայութեան մայրաքաղաքը, ներկայանալու խալիֆին։ Ան հոն կը մերժէ ուրանալ իր կրօնքը եւ կը ձերբակալուի։ Այս պատճառով պատմութեան մէջ կը յիշուի նաեւ որպէս Սմբատ Խոստովանող։ Կը բանտարկուի եւ մի քանի տարի վերջ ալ բանտին մէջ կը մեռնի։ Զաքարիա Ա. Ձագեցի կաթողիկոսի օրով (855- 876), 869 թուականին, Շիրակաւանի մէջ կը գումարուի եկեղեցական ժողով` Կ. Պոլսոյ հռչակաւոր Փոտ (Փոտիոս-Photios) գիտնական պատրիարքին (857-867, 877-886), Իշխանաց իշխան Աշոտին (862-885), Քաղկեդոնի որոշումները ընդունելու համար կատարած պնդումներուն պատասխան տալու նպատակով։ Փոտ պատրիարք ընտրուելէ առաջ զինուորական մըն էր եւ կայսերական աւագ դիւանադպիր։ Վեց օրուայ մէջ եկեղեցական բոլոր աստիճանները իրեն կը տրուին եւ պատրիարք կը հռչակուի (857)։ Փոտ 867-ի Կ. Պոլսոյ ժողովով Հռոմի եկեղեցւոյն նորահնար վարդապետութիւնները կը դատապարտէ եւ այսպէսով կը սկսի Յոյն եւ Լատին եկեղեցիներու պառակտումը։ 879-ի Կ. Պոլսոյ ժողովով ալ Վասիլ Ա. (867-886) եւ Փոտ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցին Հռոմի եկեղեցիէն անջատուած կը հռչակեն։ Մօր կողմէ հայկական ծագումով Փոտ, հայազգի կայսր Վասիլ Ա.-ին հայոց Աշոտ Ա.-ի (885-890) թագ նուիրման առթիւ դաւանաբանական հարց չի յարուցաներ։ Զաքարիա Ա. կաթողիկոս իր մահկանացուն կը կնքէ Դուին։ Կը թաղուի տեղւոյն կաթողիկոսներու դամբարանին մէջ։ Աշոտ Ա.-ի կամքով կաթողիկոս կ'ընտրուի թագաւորական Կոտայք գաւառի Գառնի գիւղաքաղաքէն Գէորգ եպիսկոպոս` Գէորգ Բ. Գառնեցի (877-897)։ Աշոտ Ա.-ի մահէն վերջ իր անդրանիկ զաւակը` Սմբատ կը թագադրուի։ Սմբատ Ա. (890/91-914), փոխանակ Բագարան փոխադրուելու, մայրաքաղաքը կը փոխադրէ իր կալուածքին կեդրոնը` իշխանանիստ Շիրակաւան գիւղաքաղաքը։ ։ Պատմագիր Վարդան Արեւելցի (Վ. Անձակեցի, Վ. Պատմիչ, Վ. Վարդապետ) (1198-1271), կը տեղեկացնէ, թէ Սմբատ, Շիրակաւան իր շինել տուած Ս. Փրկիչ եկեղեցիին մէջ, վրաց գահերէց իշխան Ադրներսեհ Բագրատունիի ներկայութեան, Գէորգ Բ. Գառնեցի կաթողիկոսի կողմէ թագաւոր օծուած է։ Արաբական խալիֆայութիւնը 892-ին, իսկ Բիւզանդական կայսրութիւնը 893-ին կը ճանչնան Սմբատի թագաւորութիւնը։ Երբ վրացի արեւելագէտ, հայագէտ եւ լեզուբան Նիկողայոս Մառ (1864-1934) եւ անուանի ճարտարապետ Թորոս Թորամանեան (1864-1934) Անիի պեղումներով կը զբաղին՝ որոշ ընդհատումներով (1893-1917), կ'ուսումնասիրեն նաեւ Շիրակաւանի Ս. Փրկիչ եկեղեցին։ Թորոս Թորամանեան կը պատրաստէ անոր յատակագիծը։ Անի եւ Շիրակաւան, այդ թուականներուն, Ցարական Ռուսիոյ հողատարածքին մաս կը կազմէին։ Այս եկեղեցին մինչեւ 1950 թուական կանգուն մնացած էր, սակայն այդ թուականին միտումնաւոր` նպատակաւոր քանդուած։ Նոյն թուականին, Վանայ լճի հարաւային ափին մօտակայ Նարեկայ Վանքն ալ նոյն ճակատագրին կ'ենթարկուի։ Կարս հաստատուած Սմբատի հօրեղբայրը` Աբաս սպարապետ, կը փորձէ թագը Սմբատէն խլել, սակայն Սմբատ կը յարձակի Կարսի վրայ ու կը հնազանդեցնէ իր հօրեղբայրը։ Աֆշին, Ատրպատականի Էմիրը, 896-ին, կը գրաւէ Կարսը ու գերի կ'առնէ բերդի մէջ գտնուող հայոց իշխանուհիները, թագուհին եւ բերդապահ Հասան Գնթունին։ Սմբատ Ա. գերիները ազատելու համար Աֆշինին կնութեան կուտայ իր եղբօր` Շապուհի դուստրը, պատանդ կը ձգէ գահաժառանգ Աշոտը եւ իր Սահակ եղբօրը որդին` Սմբատը։ Սմբատ Ա. յետագային կ'ազատէ իր որդին` Աշոտը։ Սմբատ Ա., 893-ին, Բիւզանդիոյ մէջ Լեւոն Զ. Իմաստուն (Փիլիսոփայ) (886-912) հայազգի կայսրին հետ Հայաստանը արեւելքի ու արեւմուտքի միջեւ տարանցիկ առեւտրական կեդրոնի դարձնող շահաւէտ առեւտրական պայմանագիր մը կը ստորագրէ։ Գէորգ Բ. Գառնեցի կը վախճանի Վասպուրական, ուր գացած էր, գուցէ, Արծրուրիներու հետ եղած պառակտումին վերջ տալու համար։ 897-ին, Սեւանի առաջնորդ Մաշտոց վարդապետ (եպիսկոպոս) կ'ընտրուի կաթողիկոս, Մաշտոց Ա. Եղիվարդցի (897-898)։ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ծիսարանին` Մաշտոցին, կազմութիւնը կը վերագրուի այս կաթողիկոսին։ Մաշտոց Ա.-ի գերեզմանը գտնուած է Գառնիի մէջ։ 898-ին, Մաշտոցի ազգականը եւ աշակերտը` Յովհաննէս կ'ընտրուի կաթողիկոս։ Ան արդէն Գէորգ Բ.-ի օրէն ի վեր կաթողիկոսարանի գործերով կը զբաղէր։ Յովհաննէս Ե. Դրասխտանակերտացի (898-929) կաթողիկոսին կը պատկանին «Շարք Կաթողիկոսացն Հայոց» եւ «Պատմութիւն Հայոց» աշխատութիւնները։ Այս պատճառով ան կոչուած է նաեւ Պատմաբան։ Յովհաննէս Ե., Սմբատ Ա.-ի Շիրակաւանի մէջ շինած Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օծումը կատարած է։ Երբ Սմբատ Ա. վրաց գահերէց Ադրներսեհ իշխանը կը թագադրէ, Աֆշին, այս իրաւունքին խալիֆին պատկանիլը պատճառաբանելով, կը յարձակի Հայաստանի ու Վրաստանի վրայ։ Ան եւ իր բազմաթիւ զօրքերը բանակին մէջ սկսած համաճարակի պատճառով կը մեռնին։ Սմբատ Ա.-ի Ադրներսեհ իշխանը թագադրելու պարագան հայ իշխաններու թագաւոր ըլլալու փափաքը կը սրէ։ 908-ին, թէ՛ Աֆշինի յաջորդ Եուսուֆը եւ թէ, Եուսուֆի դրդումով, խալիֆը Հայաստանէն տուրք կը պահանջեն։ Եուսուֆի հետ բանակցելու նպատակով Յովհաննէս Ե. կաթողիկոսը Ատրպատական կը ղրկուի, սակայն Եուսուֆ զինք կը բանտարկէ։ Ան բանտէն կը փախի։ Սմբատ պատերազմէ խուսափելու համար կը համակերպի երկուքին ալ տուրք վճարել։ Ինքն ալ, իր կարգին, իշխաններէ պահանջուած տուրքերը կը բարձրացնէ։ 15 իշխաններ կ'ապստամբին ու Անին կը գրաւեն։ Սմբատ անոնք կը ձերբակալէ ու կը կուրցնէ։ Եուսուֆ 908-ին Վասպուրականի Գագիկ Արծրունի իշխանը թագաւոր կը հռչակէ։ Այսպէսով կը սկսի Վասպուրականի Հայոց Թագաւորութիւնը, այսպէսով ալ Եուսուֆ պառակտած կ'ըլլայ հայոց միութիւնը։ Եուսուֆ 910-ին, Գագիկի ալ զօրքերով, կը յարձակի Սմբատի վրայ։ Սմբատ կը կորսնցնէ Նիգ գաւառի (Ապարանի շրջան) Ձկնավաճառի ճակատամարտը եւ կ'ապաստանի Կապոյտ բերդ։ Եուսուֆ 913-ին դարձեալ հայ իշխաններու ալ զօրքերով բերդը կը պաշարէ ։ Սմբատ հայը հայուն կոտորելուն արգելք ըլլալու եւ երկիրը աւերումէ փրկելու համար կը յանձնուի Եուսուֆին, որ զինքը շղթայակապ կը տանի Դուին, կը գլխատէ ու մարմինը խաչը կը հանէ։ Սմբատի անդրանիկ որդին Աշոտ իր եղբօր` Աբասի հետ ներխուժած արաբական զօրքերուն դէմ հայդուկային կռիւներ կը մղէ եւ զանոնք երկրէն կը հեռացնէ։ Այս յաջողութենէն յետոյ Աշոտ կը հռչակուի թագաւոր։ Աշոտ Բ.-ի (Աշոտ Երկաթ) (914 -929) օրով ալ թագաւորութեան մայրաքաղաքը Շիրակաւանն է։ Եուսուֆ, 915-ին, Աշոտի հօրեղբօր Շապուհի որդի Աշոտը (Շապուհեան) հայոց թագաւոր կը հռչակէ։ Աշոտ Բ.-ի դէմ կուգան նաեւ շարք մը ուրիշ իշխաններ։ Աշոտ, Բիւզանդիոնի մանկահասակ հայազգի կայսր Կոստանդին Է. Ծիրանածինի (913-920, 944-959) խնամակալ հայազգի Ռոմանոսի հրաւէրով Կ. Պոլիս կ'երթայ, կը ճանչցուի որպէս թագաւոր ու բիւզանդական զօրքերով երկիր կը վերադառնայ։ Սեւանի ճակատամարտին արաբական զօրքերը յաղթելէ յետոյ կը վերահաստատէ Բագրատունեան սահմանները։ Խալիֆը իրեն կը շնորհէ «Շահնշահ Հայոց եւ Վրաց» տիտղոսը։ Աշոտ իր ցոյց տուած խիզախութեանն եւ կորովին համար կը ստանայ «Երկաթ» մականունը։ Ռոմանոս, որ ծովակալ է, իր դուստրը Կոստանդինի հետ ամուսնացնելով գահը անկէ կը գրաւէ (920-944)։ Աշոտ Բ. Երկաթի մահէն վերջ թագաւոր կը հռչակուի իր եղբայրը` Աբաս, որ Կարս բնակելով մայրաքաղաքը կը փոխադրէ Կարս։ Սելջուկներ 1064-ի արշաւանքին կ'աւերեն Շիրակաւանը։ Տեղացին 12-րդ դարու սկիզբը գիւղաքաղաքը կը վերանորոգէ։ Թուրք պատմիչ Փեչեւի Իպրահիմ (1574-1649) իր «Փեչեւի Թարիհի» պատմագրութեան մէջ կը գրէ, թէ 1553-ի թրքական արշաւանքի ժամանակ Շիրակաւան շատ բարեշէն է, մշակուած հողերով հարուստ բազմաթիւ գիւղեր ունի։ Յաղթական բանակը զայն կը քանդէ, կ'աւերէ, ամէն ինչ հողին կը հաւասարեցնէ։ Շիրակաւան, որ Օսմանեան շրջանին կը կոչուի Պաշ Շորակեալ, 1877-78-ի ռուս-թրքական պատերազմին կ'անցնի ռուսական կայսրութեան ձեռքը։ Գիւղին մէջ կը հիմնուի Սահակեան վարժարանը։ Այդ թուականին գիւղի հայ բնակչութեան թիւը 730 է, իսկ 20-րդ դարու սկիզբը՝ 1532։ 1920-ին բնակչութիւնը կը տեղահանուի եւ անոնցմէ մէկ մասը բնակութիւն կը հաստատէ Երազգաւորս գիւղը։ Երբ 20-րդ դարու սկիզբը Շիրակաւանի մէջ պեղումներ կը կատարուին, յայտնաբերուած իրեր Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կը հաւաքուին։ Հողատարածքին Թրքական Հանրապետութեան ձեռքը անցնելէն յետոյ այս բոլորը կ'ոչնչացուին ու կ'անյայտանան։ Ներկայիս Հայաստանի Անիի շրջանի մէջ, Ախուրեան գետի ձախ ափին, գոյութիւն ունի Շիրակաւան գիւղը։ Այս գիւղը հիմնադրուած է 1976-ին, որպէսզի, դարձեալ Ախուրեանի ձախ ափին գտնուած համանուն գիւղի բնակչութիւնը կարելի ըլլայ հոս տեղափոխել եւ այդ վայրին մէջ Ախուրեան ջրամբարը շինել։ Այս հնավայր Շիրակաւանի մէջ կատարուած պեղումներու հետեւանքով յայտնաբերուած են Ք.Ա. 12-8 դարերուն պատկանող շէնքերու եւ սրբավայրի մը աւերակները, ինչպէս նաեւ հնագիտական նիւթերով առատ դամբարաններ։ Յայտնաբերուած են նաեւ Ք.Ա. 2-Ք.Վ. 3 դարերուն կանոնաւոր նախագծով շինուած թաղամասերու (տուներ, սիւնազարդ շէնքեր, հեթանոսական տաճար) աւերակները։ Դամբարաններուն մէջ գտնուած են մետաղէ, քարէ, խեցեղէն եւ ապակեղէն իրեր։ Հայաստանի Ախուրեան շրջանի մէջ, Ախուրեան գետի ափին նաեւ կայ Երազգաւորս գիւղը, որուն բնակչութիւնը, մեծամասնութեամբ, 1921-ին եկած է Մուշի Արտոնք գիւղէն։ Այս հողատարածքին վրայ կան հին բերդի հետքեր։ Երազգաւորս մինչեւ 1945 կոչուած է Արալըխ։ |
եւ կայսրութեան ՄԱԿԵՏՈՆԱԿԱՆ (ՀԱՅԿԱԿԱՆ) ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆը 867-1081 The Byzantine Empire (364-1453), & The Macedonian (Armenian) Dynasty (867-1081) |
|
Բիւզանդական Կայսութեան գահին վրայ, Հայկական Հարստութենէն առաջ ալ, հայկական ծագումով կայսրեր նստած են։ Բազմաթիւ հայ զօրավարներ Բիւզանդիոնի բանակները յաղթանակներու առաջնորդած են։ Կայսրութեան ամենափառաւոր շրջանը Հայկական Հարստութեան՝ այս ամենաերկարատեւ հարստութեան շրջանին եղած է։ Հարստութեան հիմնադիրը Վասիլ Ա. ծնած է Ատրիանուպոլիս քաղաքը (այժմ Թուրքիոյ Եւրոպական հողամասին վրայ Էտիրնէ քաղաքը), հայ ծնողքէ։ Ատրիանուպոլիս Մակետոնական հողամասի մէջ ըլլալով, Վասիլի հաստատած հարստութիւնը իր ծննդավայրի անունով Մակետոնական Հարստութիւն, իր ցեղային պատկանելիութիւնը նկատի առնելով ալ Հայկական Հարստութիւն կը կոչուի։ | |
| Վասիլ (Բարսեղ) Ա. | 867-886 | Basil 1st | |
| Լեւոն Զ. Փիլիսոփայ, Իմաստուն | 886-912 | Leo 6th | the Wise |
| Ալեքսանտրոս | 912-913 | Alexander 3rd | |
| Կոստանդին Է. Ծիրանածին | 913-920 | Constantine 7th | Porphyrogenitus |
| Ռոմանոս Ա. Լագաբէնոս | 920-944 | Romanus 1st | Lecapenus |
| Կոստանդին Է. Ծիրանածին (դարձեալ) | 940-959 | Costantine 7th | Porphyrogenitus |
| Ռոմանոս Բ. | 959-963 | Romanus 2nd | Porphyrogenitus |
| Նիկեփորոս Բ. Փոգաս | 963-969 | Nicephorus 2nd | Phocas |
| Յովհաննէս Ա. Չմշկիկ | 969-976 | John 1st | Tzimisces |
| Վասիլ Բ. Պուլղարասպան | 976-1025 | Basil 2nd | Bulgaroktonus |
| Կոստանդին Ը. Բորփիւրոգենէտ | 1025-1028 | Costantine 8th | Porphyrogenitus |
| Ռոմանոս Գ. Արկիրոս | 1028-1034 | Romanus 3rd | Argyrus |
| Միքայէլ Դ. Բափլակոնացի | 1034-1041 | Michael 4th | Paphlagonian |
| Միքայէլ Ե. Գալափատես | 1041-1042 | Michael 5th | Calaphates |
| Զօէ (կայսրուհի1028-1050) առանձին | 1042 | Zoe | Porphyrogenita |
| Կոստանդին Թ. Մոնոմախոս | 1042-1055 | Costantine 9th | Monomachus |
| Թէոտորա (կայսրուհի1041-56) առան. | 1055-1056 | Theodora | Porphyrogenita |
| Միքայէլ Զ. | 1056-1057 | Michael 6th | Stratioticus |
| Իսահակ Ա. Գոմնենոս | 1057-1059 | Isaac 1st | Comnenus |
| Կոստանդին Ժ. Տուգաս | 1059-1067 | Costantine 10th | Ducas |
| Եւդոսիա (կայսրուհի1067-71) առան. | 1067-1068 | ||
| Ռոմանոս Դ. | 1068-1071 | Romanus 4th | Diogenes |
| Միքայէլ Է. Տուգաս (1067-78) առան. | 1071-1078 | Michael 7th | Ducas |
| Նիկեփորոս Գ. Պոդանիադէս | 1078-1081 | Nicephorus 3rd | Botaniates |