ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ



Տիգրանակերտի պարիսպներուն աւերակները




Տիգրան Մեծի նկարը արծաթ դրամի վրայ
Քաղաքի հիմնադիրն է Տիգրան Բ. (Մեծն Տիգրան) (Ք.Ա.95-55), որդին Տիգրան Ա.-ի, ըստ Մովսէս Խորենացիի՝ Տիրան (Ք.Ա. 123-96)։ Տիգրան, որ Պարսկաստան պատանդ կը գտնուի, Միհրդատ Բ.-ին (Ք.Ա. 123-88/87), որպէս փրկագին, կը զիջի Հայաստանի հարաւ-արեւելեան «Եօթանասուն հովիտներ» կոչեալ գաւառները, ու կը ստանայ իր ազատութիւնը, նաեւ հայոց գահը։ Ք.Ա. 94 թուին կը գրաւէ Մեծ Հայքի հարաւ-արեւմտեան կողմը գտնուող Ծոփքի Հայոց թագաւորութիւնը, որ մինչեւ այդ թուական Մեծ Հայքէն դուրս մնացած էր։ Այսպէսով կ'ամբողջանայ հայախօս հողերու մէկտեղումը։ Ք.Ա. 93-ին ժամանակաւորապէս կը գրաւէ Մեծ Հայքի արեւմտեան երկիրը՝ Կապադովկիան, ու մայրաքաղաք Մաժաքի (Կեսարիա, Քայսէրի) ժողովուրդը կը փոխադրէ Հայաստան։ Դաշնակցելով Պոնտոսի թագաւոր Միհրդատ Զ.-ի հետ (Ք.Ա. 111-63), որուն տէրութեան սահմաններուն մէջ էին Փոքր Ասիոյ հիւսիս-արեւելեան հողատարածքը՝ Սեւ Ծովու հարաւ-արեւելեան ափերը ու Բոսպորը (Ղրիմ), կը վերագրաւէ Եօթանասուն հովիտները (Ք.Ա. 88)։ Ապա կը գրաւէ Մեծ Հայքի հարաւ-արեւելքը գտնուող Ատրպատականը։ Կ'արշաւէ հարաւ, դէպի Միջագետք ու կը գրաւէ Ադիաբէնէ երկիրը (Մուսուլ)՝ Արբելան ու Նինուէ քաղաքներով, Օսրոյենէի թագաւորութիւնը՝ իր հարուստ մատենադարանով նշանաւոր Եդեսիա (Օրրոն, Էդեսսա, Ուռհա, Ուրֆա) մայրաքաղաքով։ Գրաւման կ'ենթարկուի նաեւ Ասորեստանի հիւսիսային կողմի Կոմմագենէի թագաւորութիւնը։ Այս թագաւորութիւնները կը դառնան Տիգրան Մեծի ենթակայ թագաւորութիւններ։ Պարսից արքան կ'ընդունի Տիգրանի գերակայութիւնը եւ «արքայից արքայ» տիտղոսը կը փոխանցէ անոր։



Տիգրան Մեծի կայսրութիւնը





Տիգրան Մեծի արծաթեայ դրամ յունարէն գրութեամբ
Տիգրան Ք.Ա. 83-ին, վերջ կուտայ Սելեւկեան թագաւորութեան եւ մայրաքաղաք Անտիոքի (Անթաքիա) մէջ կը թագադրուի որպէս արքայից արքայ։ Անտիոք, մօտ կէս միլիոն բնակչութեամբ, կը դառնայ կայսրութեան հարաւային մայրաքաղաքը եւ Տիգրան, հոն, իր անունով ու պատկերով արծաթէ եւ ոսկէ դրամ կտրել կուտայ։ Տիգրան կը գրաւէ նաեւ Փիւնիկիան (այժմու Սուրիոյ եւ Լիբանանի Միջերկրականի ափերը), Դաշտային Կիլիկիան։ Այսպէսով հայոց կայսրութեան մաս կը կազմեն այդ շրջանի մեծագոյն նաւահանգիստները՝ Սելեւկիա (Սիլիֆքէ), Տարսոն (Տարսոս, Տարսուա, Թարսուս), Լաոդիկիա (Ռամիտա, Լաթաքիա), Բերիթոս (Բերութա, Բերիտ, Պէյրութ), Տիւրոս (Սուր)։ Տիգրան Բ. կը գրաւէ նաեւ Հրէաստանի մէկ մասը։ Մեծ թիւով հրեաներ տեղահան կ'ընէ ու զանոնք կը տեղաւորէ Վանի մօտ։ Ապա իր ուժերը կ'ուղղէ դէպի հիւսիս ու իր գերիշխանութեան տակ կ'առնէ Աղուանից ու Վրաց թագաւորութիւնները։ Ք.Ա. 70-ական թուականներուն կայսրութեան սահմանները տարածուած են Կասպից Ծովէն մինչեւ Միջերկրականի արեւելեան ափերը, Մեծ Կովկասի լեռնաշղթայէն մինչեւ Կարմիր Ծով։

Պատմահայր Խորենացին կը գրէ. «Իր ժամանակակիցներուն համար նախանձելի եղաւ, իսկ աւելի վերջ եկողներուս համար ցանկալի, թէ՛ ինքը եւ թէ իր ժամանակը։...Մեր ազգը բարձրացուց, եւ մեզ, որ լուծի տակ էինք, դարձուց լուծ դնողներու, հարկապահանջներու դիրքին։ ......Եւ երբ անոնք (զօրքը) տեղ մը կը հաւաքուէր միայն անոնց արտաքին տեսքը, զէնքերուն փայլն ու շողքը բաւական էր թշնամիները հալածելու եւ վանելու»։

Յոյն պատմաբան Պլուտարքոս ալ Տիգրանը կը ներկայացնէ բառին բուն իմաստով որպէս արքայից արքայ։ «Անոր մօտն էին բազմաթիւ թագաւորներ, որոնք ծառաներու դիրքին դասուած էին, անոնցմէ չորսը իր մօտ կը պահէր որպէս ուղեկից կամ թիկնապահ եւ, երբ ձիով կ'երթար, անոնք քովէն կը վազէին, իսկ երբ կը նստէր պաշտօնական գործով զբաղուած, անոնք ձեռքերնին կուրծքերնուն վրայ խաչաձեւած իր երկու կողմերը կը կայնէին։ Այդ դիրքը ամենալաւ ձեւով կ'արտայայտէր անոնց ստրկական կախուածութիւնը լրիւ ընդունած ըլլալնին»։

Անտիոքի գրաւումով երկիրը բաւական ընդարձակուած էր եւ մայրաքաղաք Արտաշատ կը մնար պետութեան հիւսիսային ծայրամասը։


Այժմու Տիեարպագըր Նահանգի՝ (Վիլաեէթ)-ի քարտէսը
նետացուցուած է Միափարկինը
Տիգրան կ'որոշէ երկրին աւելի կեդրոնական մէկ վայրը՝ իր պատանդութենէ ազատուելով թագաւոր հռչակուած վայրը՝ Աղձնիք նահանգի Նփրկերտ գաւառը,արեւմտեան Տիգրիսի ձախակողմեան վտակ Քաղիրթի օժանդակ Նիկեփորիոնի (Ֆարղին սու) ափին կառուցել նոր մայրաքաղաք՝ իր անունով։

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏի շինութիւնը կը տեւէ հինգ տարի (Ք.Ա. 83-78)։ Քաղաքը կը շրջապատուի 25 մ. բարձրութեամբ հաստ պարիսպով։ Կը շինուին պահեստանոցներ, զինանոցներ, ախոռներ, թատրոն, նաեւ միջնաբերդ։ Արքայական մեծ ու շքեղ պալատը կը կառուցուի քաղաքի արուարձանը, շուրջը՝ լճեր, զբօսայգիներ, որսատեղեր եւ ամուր բերդ։

Ըստ Պլուտարքոսի` Տիգրանակերտ մեծ քաղաք էր, լեցուն գանձերով, աստուածներու նուիրաբերուած թանկարժէք ընծաներով։ Հարուստներ ու ազնուականներ թագաւորին հաճելի երեւալու համար քաղաքի շինութեան ու ընդարձակման համար իրարու հետ կը մրցէին։

Տիգրան Բ. հայ աւագանիին մէկ մասը փոխադրած էր Տիգրանակերտ, բայց բուն բնակչութիւնը կազմած էր Կապադովկիայէ, Ասորեստանէ, Միջագետքէ, Փիւնիկիայէ, Պաղեստինէ բերուած ժողովուրդը։






Տիգրան Մեծի զանազան արծաթեայ դրամները յունարէն գրութեամբ



Տիգրանակերտի՝ Մուֆարկինի աւերակ բերդերէն տեսարան մը



Տիգրանակերտի մէջ գտնուած յունարէն արձանագրութիւն
Քաղաքին հարաւային կողմէն կ'անցնէր Պարսկաստանի Աքեմենեան թագաւոր Դարեհ Ա-.ի (Ք.Ա. 522-486) շինել տուած Ելամի (Էլամ) թագաւորութեան մայրաքաղաքը՝ Շոշը (Շուշ, Շուշան, Սուս) այդ թուականներուն Փոքր Ասիոյ արեւմտեան կէսը գրաւած Լիդիայի մայրաքաղաք Սարդեսի (Սարդիս, այժմ՝ Սարթ) կապող «Արքայական ճանապարհ»-ը։ Տիգրանակերտ, Մանազկերտէն ու Զարեհաւանէն անցնող, «Արքունի Պողոտայ»-ով ալ կապուած էր Արտաշատին։ Որով դիրքը յարմար էր տարանցիկ առեւտուրի համար, ուստի կարճ ժամանակուայ մէջ արագօրէն բարգավաճած էր։ Բնակչութեան թիւը հասած էր հարիւր հազարի։ Եղած էր առեւտուրի եւ հելլենական մշակոյթի մեծ կեդրոն։ Պատմութեան մէջ յիշուած է որպէս հզօր ամրութիւններ եւ լաւ կազմակերպուած պաշտպանութիւն ունեցող քաղաք։

Երբ Տիգրան Բ. Փիւնիկիոյ հարաւ, Սելեւկեան վերջին քաղաքը՝ Պտոլեմայիսը (Պտղոմայիս) կը գրաւէ, հռոմէական բանակը, զօրավար Լուկուլլոսի առաջնորդութեամբ, Տիգրանակերտը կը պաշարէ (Ք.Ա. 69)։ Վեց հազարնոց հայկական հեծելազօրք մը կը ճեղքէ պաշարումը ու կ'ազատագրէ Տիգրանի կանանոցը եւ պետական գանձը։ Վեց ամսուայ պաշարումէ վերջ օտարազգիներ քաղաքի դռները կը բանան ու հռոմէական բանակը քաղաքը անխնայ կերպով կը թալանէ եւ կ'աւերէ։ Առ ի վարձատրութիւն իրենց դաւաճանութեան, Լուկուլլոս օտարազգիները ետ, իրենց եկած քաղաքները կը ղրկէ։ Տիգրանակերտ Տիգրան Բ.-ի մահէն յետոյ կը դադրի մայրաքաղաք ըլլալէ, սակայն կը մնայ որպէս Հայաստանի մեծագոյն քաղաքներէն մին։

Գորպուլոն, հռոմայեցի զօրավարը, 59-ի գարնան, Արտաշատը այրելէ յետոյ, Տիգրանակերտ կը հասնի ու քաղաքը կը պաշարէ։ Դիմադրութիւնը կը տեւէ երկար, բայց դարձեալ օտարներ քաղաքի դռները կը բանան ու նուաճող բանակը կը ներխուժէ։ Երիտասարդութիւնը միջնաբերդի մէջ յամառօրէն կը դիմադրէ, սակայն, ի վերջոյ, միջնաբերդն ալ կը գրաւուի։

Երբ Հայ Արշակունեաց հարստութեան (66- 428) հիմնադիր եւ Պարսից Վաղարշ Ա.-ի (51-75) կրտսեր եղբայրը Տրդատ Ա. (52-75) Արտաշատի մէջ կը թագաւորէր, Հռոմ, Հայաստանը իր իշխանութեան ենթարկելու նպատակով, 60 թուին, Տիգրանակերտի մէջ թագաւոր կը հռչակէ Տիգրան Զ.-ը (60-61)։ Տիգրան Զ., Կապադովկիայի թագաւոր Աքէլաոսի թոռը, տարիներէ ի վեր Հռոմ պատանդ մնացած էր ու Հռոմի կամակատարը դարձած։ 61 թուին այս անգամ ալ հայ եւ պարսկական բանակները միասնաբար կը պաշարեն Տիգրանակերտը։ Գորպուլոն միացեալ բանակի հետ պատերազմելէ կը խուսափի ու զինադադար կը ստորագրէ։ Կը ճանչնայ Տրդատ Ա. որպէս հայոց թագաւոր եւ հռոմէական բանակը կը հեռացնէ Տիգրանակերտէն։

Պարսից Շապուհ Ա. (243-273), երկու անգամ պաշարած է Տիգրանակերտը, առանց զայն կարենալ գրաւելու։ Աւելի ուշ, երրորդ պաշարումէ մը յետոյ Շապուհ Ա. գրաւած, թալանած ու հրկիզած է քաղաքը եւ բնակչութիւնը սուրէ անցուցած։

Մինչեւ Մեծ Հայքի Հռոմի ու Պարսկաստանի միջեւ բաժանումը (387), Տիգրանակերտ կ'ըլլայ երկրի հարաւային սահմանի Աղձնիքի բդեշխութեան՝ կուսակալութեան կեդրոնը։ Հռոմի ձեռքը անցնելէ վերջ կը կառուցուին Տիգրանակերտի նոր պարիսպները՝ մօտաւորապէս 10 մ. բարձրութեամբ ու 3 մ. հաստութեամբ։ Քաղաքը կը վերանուանուի Մարտիրոսուպոլիս կամ Մարտիրոպոլիս։

640 թուին Պէգր արաբական ցեղը կը գրաւէ Ամիդ (Ամիթ, Էմդ) քաղաքը եւ զայն կ'անուանէ Տիեար-ը Պէգր (Պէգրի երկիր), որ ժամանակի ընթացքին կ'ըլլայ Տիեարպէգիր եւ այժմ ալ՝ Տիեարպագըր։ Պէգրերու տոհմակից Շայբանիներն ալ կը գրաւեն Տիգրանակերտը եւ զայն կ'անուանեն Մայաֆարիկին ( Միաֆարիկին, Միափարկին, Մուֆարկին )։ Հայկական աղբիւրներու մէջ Տիգրանակերտ կ'անուանուի նաեւ Մարտիրոսաց քաղաք, Մարտիրոսք եւ աւելի յաճախ՝ Նփրկերտ։

Երբ արաբները, 956 թուին, մի քանի բիւզանդական քաղաքներ կ'աւերեն, ըստ արաբ պատմագիր Իպն ալ-Ասիրի, բիւզանդացիներն ալ Նփրկերտի (Տիգրանակերտ) վրայ կը յարձակին։ Կը կողոպտեն, կ'աւերեն ու կը հրկիզեն քաղաքը եւ ժողովուրդը գերի կը տանին։

Մատենագիր Մատթէոս Ուռհայեցիի տուած տեղեկութեան համաձայն, 1058-59 տարուայ ձմեռը կ'ըլլայ շատ խիստ։ Վաթսուն օր գիշերը կը ձիւնէ եւ օրուայ ընթացքին կը հալի։ Այդ օրերուն օր մըն ալ կարմիր ձիւն կը տեղայ։

Յետագայ դարերու ընթացքին Տիգրանակերտին կը տիրեն քրտեր, արաբներ, թաթար-մոնղոլներ։ 1515-ին կ'անցնի Օսմանեան տիրապետութեան տակ եւ կ'ըլլայ Տիարբեքիր նահանգի Միոֆարկին գաւառի համանուն կեդրոնը։

Տիգրանակերտ, այժմ, Տիեարպագըր նահանգին արեւելեան սահմանի Սիլվան գիւղաքաղաքի Ֆարկին գիւղի մօտ աւերակ վիճակի մէջ է։




Ամիտ կամ Տիարպէքիր՝ Ընդհանուր տեսարան - 1910



Ս. Թէոտորոս Մայր Եկեղեցին այժմ՝ Գուրշունլու Ճամի

Յայտնի գիտնական Լեման-Հաուպտ 1899 թուականին կը յայտնաբերէ յունարէն արձանագրութիւն։ Շնորհիւ այդ արձանագրութիւններու կարելի կ'ըլլայ ապացուցանել, թէ անոնք Տիգրանակերտի աւերակներն են։

Տիարպէքիրը Աքքադական սեպաձեւ արձանագրութիւններու մէջ, Ք. Ա. 2-րդ հազարամեակի վերջաւորութեան, կը յիշուի Ամեդու անունով։ Քաղաքի ամրութիւններուն կառուցումը կը վերագրուի Երուանդունիներու թագաւորներէն Տիգրանի (Ք.Ա. 560-535)։ Այս պատճառով ալ կարգ մը պատմաբաններ քաղաքը կոչած են Տիգրանակերտ, ինչ -որ առիթ տուած է շփոթութիւններու։

Հայեր 20-րդ դարու սկիզբը Տիարպէքիրի մէջ ունէին Ս. Սարգիս եւ Ս. Կիրակոս եկեղեցիները։ Ս. Կիրակոս 1880-ին այրելէ վերջ վերաշինուած է 5 մեծ եւ 2 փոքր խորաններով եւ 3,000 անձ պարփակելու տարողութեամբ։ Օսմանացիներ Տիարպէքիրը 1515-ին գրաւելէ յետոյ, Մայր եկեղեցին՝ Ս. Թէոտորոսը, 1518-ին, կը վերածեն մզկիթի՝ Գուրշունլու ճամի։ 629-ին կառուցուած, աւելի ուշ, Բագրատունեանց Աշոտ Ա.-ի (885-890) նորոգած Ս. Աստուածածին եկեղեցին կ'ըլլայ քաղաքի գլխաւոր մզկիթը՝ Ուլու Ճամի։ Վենետիկցի ճամբորդի մը 1507 թուակիր գրութեան համաձայն Ս. Թէոտորոս ունէր 60 խորան։ Մզկիթի վերածուած են նաեւ Ս. Գէորգ, Ս. Երրորդութիւն եւ Ս. Յովհաննէս եկեղեցիները։

Մերձաւոր Արեւելքի շուկաներուն մէջ հռչակաւոր էր Տիարպէքիրի ոսկերիչներուն, ջուլհակներուն, կաշեգործներուն, դերձակներուն արտադրութիւնները։

19-րդ դարու վերջաւորութեան քաղաքի հայ բնակչութիւնը մօտաւորապէս 45,000 էր։ Կային 7 դպրոցներ 1,500 երկսեռ աշակերտութեամբ, որոնցմէ երկուքը ազգային վարժարաններ էին։ Մնացեալները կը պատկանէին Անձնուէր, Հայրենասիրաց, Մեսրոպեան, Պատանեաց եւ Համազգային կազմակերպութիւններուն։
Ըստ տեղւոյն ֆրանսացի փոխ հիւպատոսին, 1895-ին, համիդեան ջոկատներ կը ջարդեն մօտ 3,000 անձ, կը հրկիզեն մօտ 2,000 տուն եւ 2,500 խանութ։

Քաղաքի հայ բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը զոհ կ'երթայ Երիտթուրքերու կառավարութան կազմակերպած 1915-ի ջարդերուն։ Ըստ գերմանացի հոգեւորական Լեփսիուսի (Lepsius) (1858-1926), որ ջարդերու ընթացքին իր հաւաքած փաստերը հրատարակած է, Տիարպէքիր նահանգի բնակչութիւնը 471,500 էր. 63,000 թուրք, 200,000 քիւրտ, 105,000 հայ ...։



Նախորդ Էջ    Ներածական    Տուշպա - Վան    Արմաւիր    Երուանդաշատ    Արտաշատ    Վաղարշապատ    Դուին    Բագարան    Շիրակաւան    Կարս    Անի