|
ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏ
|
|
![]() Ս. Էջմիածին պարիսպներէն դուրս, ձախին՝ Ս. Գայանէ, աջին՝ Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցիները Chardin-ի գծանկարը, 1711 թուին |
|
![]() Պատմական լուսանկար Էջմիածնի պարսպապատ Մայր Տաճարը, 19-րդ դարու վերջաւորութեան |
|
![]() Պատմական լուսանկար Էջմիածնի Մայր Տաճարը եւ Ներսէսեան ձկնաբոյծ արուեստական լճակը (լճակը այսօր գոյութիւն չունի) |
|
![]() Պատմական լուսանկար Էջմիածնի Ս. Գայանէ Եկեղեցին 19-րդ դարու վերջաւորութեան ![]() Պատմական լուսանկար Էջմիածնի Ս. Հռիփսիմէ Եկեղեցին 19-րդ դարու վերջաւորութեան ![]() Զուարթնոց Եկեղեցւոյ փլատակները ![]() Զուարթնոց Եկեղեցւոյ վերակազմութեան գծագրութիւնը՝ ճարտարապետ Թորոս Թորամանեան ![]() 1243-1248 տարիներուն Փարիզ կառուցուած եկեղեցւոյ մը՝ Լա Սէն Շափէլի երկրորդ յարկի մուտքի պատին հարթաքանդակը ![]() ![]() ![]() ![]() ![]() Մայր Աթոռի պաշտօնաթերթի շապիկներ 1898 1965 1967 1988 1998 |
Քաղաքի մասին ամենահին տեղեկութիւնները Արարատեան Հայոց Թագաւորութեան արքաներէն Ռուսա Բ.-ի (Ք.Ա 685-645) թողած սեպագիր արձանագրութիւններէն կը ստացուի։ Զուարթնոցի թանգարանը պահուած այս գրութեան համաձայն Ռուսա Բ. այդտեղ Իլդարունի (Հրազդան) գետէն ջուր բերող եւ իր անունը կրող ջրանցք մը շինել տուած, այգիներ տնկած եւ տարածքն ալ անուանած է ԳՈՒԱՐԼԻՆԻ։
Պեղումներու եւ շինարարական աշխատութիւններու ընթացքին հնագիտական բազմաթիւ առարկաներ յայտնաբերուած են. նետասլաքներ, բրոնզէ դաշոյններ, յղկուած ուլունքներ, ապակեայ սրուակներ, օղեր, խեցամաններ, կաւէ թրծուած կիսակօշիկի եւ կարասի ձեւ դագաղներ, հայելիի կտորներ, Աթենաս չաստուածուհիին կերպարը փորագրուած քար...։ Էջմիածնի տպարանի բակին մէջ գտնուած է հնագոյն բաղնիքի մը հիմնապատերը։ Հայոց թագաւոր Երուանդ Սակաւակեացի (Ք.Ա. 570-560) փեսան՝ Վարդգէս Մանուկը, նոյն վայրը, Քասախ գետին ափամերձ կը կառուցանէ խոշոր աւան մը եւ զայն կը կոչէ ՎԱՐԴԳԷՍԱՒԱՆ։ Տիգրան Բ. (Մեծն Տիգրան) (Ք.Ա. 95-55) Պաղեստին կատարած արշաւանքէն վերադարձին հրեայ համայնք մը կը տեղափոխէ Վարդգէսաւան ու այսպէսով աւանը կը դառնայ վաճառաշահ կեդրոն մը։ Արշակունեաց հարստութենէն Վաղարշ Ա. (117-140) Վարդգէսաւանը աշտարակաւոր պարիսպով կը շրջապատէ, նոր բնակարաններու եւ արքայական պալատի շինութեամբ զայն կ'ընդարձակէ, կը վերանուանէ ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏ եւ կը հռչակէ աթոռանիստ քաղաք։ Քաղաքի միջնաբերդին մէջ կը շինուի Անահիտ-Արտեմիսի տաճարը, թագաւորական պալատը, պետական շէնքերը, զօրանոցը, բանտը, բաղնիքը...։ Քաղաքը հարաւէն պաշտպանուած է Քասախ գետի ջուրով լեցուող Պառկենփոս կոչուած խոր խրամով, հարաւ-արեւմուտքէն՝ ընդարձակ ճահիճով, ուր կը գործադրուին մահավճիռները։ Պարիսպներէն դուրս կը գտնուին արհեստանոցները, գերեզմաննոցը եւ արեւի աստուած Միհրին տաճարը։ Այս տաճարին տեղը այսօր կը կանգնի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին՝ կառուցուած 618-ին, Կոմիտաս Ա. Աղցեցի կաթողիկոսի (615-628) ջանքերով։ Վաղարշակ Ա.-ի մահէն վերջ հռոմայեցիները Հայաստանի թագաւոր կը նշանակեն իրենց ծերակոյտի անդամ Եմեսայի (Հոմս) իշխանական տունէն Սոհեմոսը (140-161), որուն Խորենացին կը կոչէ Տիգրան։ Ան կը թագաւորէ Արտաշատի մէջ։ Հայկական ու պարսկական բանակները միասնաբար զինքը երկրէն կը հեռացնեն։ Հռոմայեցիները 162 թուին Արտաշատը կը գրաւեն, կ'աւերեն եւ 163-ին ալ Վաղարշապատի պաշտպանողական համակարգը զօրացնելէ վերջ զայն կ'անուանեն ԿԱՅՆՈՊՈԼԻՍ (Նոր Քաղաք) եւ կը հռչակեն մայրաքաղաք։ Սոհեմոս Հռոմէն վերադառնալով կը թագաւորէ մինչեւ 185 թուականը։ Մինչեւ Արշակունեաց հարստութեան անկումը (428) Վաղարշապատն ալ կը նկատուի արքայանիստ քաղաք։ 301 թուին քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ պետական կրօնք հռչակումէն վերջ, քաղաքին հոգեւոր-մշակութային ու ազգային գետնի վրայ կարեւորութիւնը կը բարձրանայ։ 301-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը կործանէ Սանդարամետի մեհեանը եւ նոյն տեղը կը շինէ «Մեծ Եկեղեցին», որու շինութիւնը կ'աւարտի 303-ին։ Աւելի ուշ եկեղեցին կը կոչուի Ս. Էջմիածին եւ քաղաքն ալ 13-15-րդ դարերէն սկսեալ՝ ԷՋՄԻԱԾԻՆ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կաթողիկոսութեան շրջանին (302-325) կը շինուի հայրապետանոց, միաբաններու կացարան։ Կը բացուին յունարէն եւ ասորերէն դասաւանդուող դպրոցներ։ 325-ին Լուսաւորիչի նախաձեռնութեամբ կը գումարուի Վաղարշապատի առաջին Ժողովը, նոյն տարւոյ Յունիսի 19-ին, Փոքր Ասիոյ հիւսիս-արեւմտեան կողմը գտնուող Նիկիա (Իզնիք) քաղաքի Տիեզերական Ժողովին բանաձեւուած «Երրորդութեան Վարդապետութիւն»-ը ճանչնալու եւ հոն պատրաստուած «Հաւատոյ Հանգանակ»-ը ընդունելու նպատակով։ Նիկիոյ Ժողովին կը մասնակցին 318 եպիսկոպոսներ, որոնցմէ մին է Լուսաւորչի կրտսեր որդին՝ Արիստակէս եպիսկոպոսը։ 335-ին, պարսից Շապուհ Բ. Շահէն (309-379) դրդուած հիւսիսային կովկասեան ցեղեր կը յառաջանան մինչեւ Վաղարշապատ ու կը գրաւեն քաղաքը։ Սպարապետ Վաչէ Մամիկոնեան 336-ին քաղաքը կ'ազատագրէ։ 366-ին կը գումարուի Վաղարշապատի երկրորդ ժողովը, նախաձեռնութեամբ Արշակ Բ. (350-368) թագաւորի ու նախագահութեամբ Մեծն Ներսէս կաթողիկոսի (353-373)։ Ժողովի որոշումով վերջ կը տրուի կաթողիկոսներու Կապադովկիոյ քաղաքներէն Կեսարիոյ եպիսկոպոսութենէն ձեռնադրուելու սովորութեան։ Կը հաստատուին արամերէն լեզուի դպրոցներ։ Շապուհ Բ. 368-էն մինչեւ 369, շարք մը ուրիշ քաղաքներու կարգին, կը գրաւէ նաեւ Վաղարշապատը։ Ըստ Փաւստոս Բիւզանդի (Դ. կամ Ե. դարու հայ պատմագիր), քաղաքը կը քանդէ, հիմքէն կը կործանէ, տասնինը հազար ընտանիք գերի կը տանի։ Վռամշապուհ թագաւոր (388-413) արքունի դիւանապետ Վահրիճը կը ղրկէ Եդեսիա՝ բերելու ասորի եպիսկոպոս Դանիէլի մօտ գտնուող դանիէլեան նշանագրերը։ Վաղարշապատի երրորդ ժողովը կը գումարուի 402 կամ 403 թուականին, Ս. Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի (388-439) եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի (361-440) նախաձեռնութեամբ, հայերէնը եկեղեցւոյ պաշտօնական լեզուն դարձնելու եւ Հայաստանի մէջ օգտագործուող յունական, ասորական, պարսկական դպրութեան վերջ տալու նպատակով։ Գիրերու գիւտէն (404/405) վերջ, Վաղարշապատի, ինչպէս նաեւ տարբեր քաղաքներու մէջ, կը բացուին հայերէն լեզուի դպրոցներ։ 426-ին կը գումարուի Վաղարշապատի չորրորդ ժողովը, դարձեալ Ս. Սահակ կաթողիկոսի եւ Ս. Մեսրոպի նախաձեռնութեամբ՝ քննելու եւ հաստատելու Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հայերէն գիրերով գրուած կանոնները։ Կը հաստատուի Ս. Սահակ կաթողիկոսի պատրաստած «Թուղթ Ընդհանրական»ը, ուր կը սահմանուին եպիսկոպոսներու, քահանաներու եւ վանականներու պարտականութիւնները։ 449/450-ի ձմրանը ժողով մը կը գումարուի պարսից Յազկերտ թագաւորի (439 -457) Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը արգիլող հրովարտակին պատասխանելու նպատակով։ Ըստ Եղիշէ պատմիչի տուած տեղեկութեան ժողովը կը գումարուի «թագաւորանիստ Արտաշատի մէջ», ըստ ուրիշներու՝ Վաղարշապատ։ Ղազար Փարպեցի՝ հոգեւորական ու նշանաւոր պատմագիր, ( 442 ?- Զ. դարու սկիզբ), որպէս Վաղարշապատի հայրապետական վանքի վանահայր (486-491), կը հիմնէ գրչագրատուն եւ առաջին մատենադարանը, որուն ժամանակով հարստացած հաւաքածոն հիմքը կ'ըլլայ Երեւանի Մատենադարանին։ 491-ին ալ կը գումարուի Վաղարշապատի հինգերորդ ժողովը Բաբգէն Ա. Ոթմսեցի կաթողիկոսի (490-516) գլխաւորութեամբ, որուն կը մասնակցին նաեւ Աղուանից եւ Վրաց եպիսկոպոսները ու կը քննուի Բիւզանդիոնի Զենոն կայսեր (474 -491) «Հենոտիկոն»ը (երկաբնակ՝ քաղկեդոնական եւ միաբնակ եկեղեցիները հաշտեցնելու, միաւորելու փորձ)։ Ժողովը կը դատապարտէ նեստորականութիւնն ու քաղկեդոնականութիւնը։ Աղուաններու եւ վրացիներու կաթողիկոսներուն մասնակցութեամբ 506 եւ 508 թուականներուն ալ նմանօրինակ ժողովներ կը գումարուին Դուինի մէջ, ուր փոխադրուած էր կաթողիկոսարանը։ Վաղարշապատի մէջ կը կառուցուին Ս. Հռիփսիմէ (618) եւ Ս. Գայանէ (630) եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ Զուարթնոց՝ Ս. Գրիգոր եկեղեցին, որու շինութիւնը կը սկսի 642-ին եւ կ'աւարտի 652-ին։ Այս եկեղեցին Ժ. դարու վերջաւորութեան կը կործանի։ Անոր պեղումներուն կը սկսուի 1901-ին։ Շնորհիւ ճարտարապետ Թորոս Թորամանեանի (1864-1934) այս հռչակաւոր եկեղեցին վերականգնելու ջանքերուն, 1905-ին կարելի կ'ըլլայ եկեղեցւոյ մանրակերտ մէկ կերպարը պատրաստել։ Զուարթնոց եկեղեցւոյ կերպարը կարելի է տեսնել 1243-1248 թուականներուն կառուցուած Փարիզի Լա Սէն Շափել եկեղեցւոյ որմնաքանդակներուն վրայ։ Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութեան (1080- 1375) անկումէն վերջ կաթողիկոսին այլեւս թագաւորութեան երբեմնի մայրաքաղաք Սիս մնալը անյարմար կը նկատուի եւ 1441 թուին Վաղարշապատի՝ Էջմիածնի մէջ կը գումարուի ազգային-եկեղեցական մեծ ժողով՝ համաձայն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կանոններուն։ Կ'որոշուի Մայր Աթոռին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, Էջմիածին վերահաստատումը եւ Կիրակոս Ա. Վիրապեցի կ'ընտրուի կաթողիկոս (1441-1442)։ 1604-ին Շահ Աբաս Ա. (1571-1629) թէ՛ Վաղարշապատին եւ թէ Ս. Էջմիածնին մեծ վնաս կուտայ՝ Արարատեան դաշտի ժողովուրդը կը պարտադրէ գաղթել Պարսկաստան։ Ժողովուրդը Սպահանին վարժեցնելու նպատակով ալ կ'որոշէ Էջմիածնի տաճարը քար առ քար Սպահան փոխադրել։ 15 սրբաքարեր եւ մասունքներ մեծ դժուարութեամբ տեղափոխելէ յետոյ (1615) ծրագրին անկարելիութիւնը կը հասկնայ ։ 1654-ին կը սկսի Մայր Տաճարի զանգակատան շինութիւնը, որ կ'աւարտի 1658-ին։ Յակոբ Դ. Ջուղայեցի կաթողիկոսի (1655 -1680) հրաւէրով 1677-ին Էջմիածնի մէջ կը գումարուի գաղտնի ժողով, մասնակցութեամբ 6 եկեղեցական աստիճանաւորի ու 6 աշխարհականի (բոլորն ալ Արցախէն) քննարկելու Հայաստանեայց ու Հռոմէական Եկեղեցիներու փոխյարաբերութիւնները, նաեւ Արեւելեան Հայաստանը պարսկական լուծէն ազատագրելու հարցերը։ Ժողովականներէն 19 տարու Իսրայէլ Օրի՝ որդի Պռօշեան իշխաններէն Մելիք Իսրայէլի, կ'անցնի Ֆրանսա ու անոնց բանակին մէջ 1 տարի կը մարզուի։ Եւրոպական օգնութիւն հայթայթելու նպատակով կ'երթայ Անգլիա, Գերմանիա եւ Ռուսաստան։ Հայաստանի ազատագրման շարժումը կը վերածէ անդրկովկասեան ժողովուրդներու ազատագրման շարժումին։ |
![]() Նոր Վեհարան - նախագիծ՝ ճարտարապետ Պ. Զոհրապեան - 1910 Ներքին վերանորոգում -1957-1962 |
|
![]() Էջ հայերէն տպագրուած առաջին գիրք «Ուրբաթագիրք»-էն ![]() Էջմիածին Մայր Տաճար ![]() «Ոսկանեան Աստուածաշունչ»-ի առաջին էջը ![]() Միւռոնի կաթսայ ![]() Վանքի պարտէզին մէջ խաչքարով Եղեռնի Յուշարձան ![]() Գանձատուն Նոր Վեհարանին կից այս թանգարանին բացումը կատարուած է 1982 թուին ![]() Հոգեւոր Ճեմարանի մուտքը ![]() Եպիսկոպոսական Գաւազան ![]() Վարդապետական Գաւազան ![]() Հայրապետական գաւազան1980 |
Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոսի (1763 -1780) ջանքերով 1771-ին Էջմիածնի մէջ կը բացուի տպարան եւ առաջին գիրքը՝ «Զբօսարան Հոգեւոր» կը տպագրուի 1772 թուականին։ Չորս տարի վերջ ալ կը կառուցուի թղթի գործարան։
1828-ին Վաղարշապատը եւ ամբողջ Արեւելեան Հայաստանը վերջնականապէս կը միանայ Ռուսաստանին։ Յովհաննէս Ը. Կարբեցի կաթողիկոսի օրով (1831-1842) Ռուս կայսերական կառավարութիւնը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կառավարման առնչութեամբ «Պօլօժէնիա» կոչուած կանոնագիր մը գործադրութեան կը դնէ (1836)։ Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոս (1843 -1857) 1847-ին կը սկսի 170 մ. երկայնութեամբ եւ 70 մ. լայնքով, եզերքը քարէ, Ներսէսեան ձկնաբոյծ լճակի շինութեան։ Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի կաթողիկոսը (1866-1882) կը կատարելագործէ Էջմիածնի տպարանը եւ տպագրութիւնը կը սկսի կաթողիկոսարանի ամսաթերթին՝ «Արարատ»ի (1868), որ կը հրատարակուի մինչեւ 1919 թուական։ Կը հիմնէ Էջմիածնի թանգարանը (1869)։ Կը կառուցէ կաթողիկոսական ամառանոց Արագած լերան կողին՝ Բիւրական գիւղը (1873), Էջմիածնի մէջ ալ` Գէորգեան Ճեմարանը (1874), որուն աշակերտութեան թիւը 1882-ին կը հասնի 336-ի։ Կը վերաշինէ Օշականի Ս. Մեսրոպ եկեղեցին (1879), ուր կը հանգչին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ոսկորները։ Մկրտիչ Խրիմեանի կաթողիկոսութեան շրջանին (1892 -1907) վանքը կ'օժտուի ելեկտրականութեամբ։ 1895-96-ի ջարդերէն վերջ Արեւմտեան Հայաստանէ հազարաւոր գաղթականներ Վաղարշապատի մէջ կը պատսպարուին։ Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան կաթողիկոսի օրով (1908-1910), 1910-ին նոր վեհարանին հիմնարկէքը կը կատարուի, որը կը կառուցուի 1912-1914 տարիներուն։ 1913-ի Հոկտեմբերին Գէորգ Ե. Սուրէնեան կաթողիկոսի (1911-1930) հրահանգով կը նշուի հայերէն տպագրուած առաջին գրքի՝ «Ուրբաթագիրք»-ի տպագրութեան 400-ամեակը։ Այս 124 էջ գիրքը կը տպուի Վենետիկի մէջ, Յակոբ Վրդ. Մեղապարտի ջանքերով։ 1914-ի Մարտին Գէորգ Ե. կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ կը գումարուի ժողով, Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթող ժողովուրդին օգնող զանազան յանձնախումբերու համագործակցութիւնը ապահովելու նպատակով։ 1915-ին, Օսմանեան բանակի դէպի Անդրկովկաս յառաջխաղացումը նկատի առնուելով, Էջմիածնի 4000-է աւելի ձեռագիր մատեանները կը փոխադրուին Մոսկուա։ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն յետոյ այս ձեռագրերը կը վերադարձուին։ 1916-ին, Վանայ Լճի Աղթամար եւ Կտուց կղզիներէն, ինչպէս նաեւ Վանի Վարագայ վանքէն Էջմիածին կը փոխադրուին 1526 ձեռագիր մատեաններ։ 1918-ի Մայիսին, Սարդարապատի ճակատամարտի օրերուն Վաղարշապատի մէջ կը կազմաւորուին մարտական գունդերը։ 1923-ի Նոյեմբերին կաթողիկոսական կոնդակով գործադրութեան կը դրուի «Նոր Տոմար»-ը, որ, այդ օրերուն, «Հին Տոմար»-էն 13 օրուայ տարբերութիւն ունէր։ Նոր Տոմարը Եւրոպայի մէջ գործադրութեան դրուած է 1582-ի Հոկտեմբերի 4-ին, Հինգշաբթի օր, որով յաջորդ օրը եղած է 15 Հոկտեմբեր 1582, Ուրբաթ։ Այդ թուականին՝ Հինին ու Նորին միջեւ եղած տարբերութիւնը միայն 10 օր էր։ Անցնող իւրաքանչիւր դար (17-րդ, 18-րդ և 19-րդ) տարբերութեան վրայ 1 օր աւելցուցած է։ 1925-ին, Գէորգ Ե. կաթողիկոսը կը յայտարարէ «Ազգային-Եկեղեցական Ժողով Գումարելու Յատուկ Կանոնագրութիւն»-ը։ 1934-ի Հոկտեմբերին, Խորէն Ա. Մուրատբէգեան կաթողիկոսի (1932-1938) կոնդակով, մինչեւ յաջորդ տարուայ Հոկտեմբերը, կը տօնուի Աստուածաշնչի հայերէնի թարգմանութեան 1500-ամեակը։ 1938-ի Ապրիլի 5-ի գիշերը, Խորհրդային իշխանութեան հալածանքներուն հետեւանքով, խեղդամահ կ'ըլլայ Խորէն Ա.։ Այդ օրերուն կաթողիկոսարանէ ղրկուած հեռագրի մը համաձայն կաթողիկոսը «սրտի կատուածէ» յանկարծամահ եղած էր։ 1939-ին, Հայաստանի կառավարութեան հրամանով Էջմիածնի ձեռագրերը կը փոխադրուին Երեւան եւ 1959-ին ալ կը տեղաւորուին «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանը։ 1944-ին, կաթողիկոսական տեղակալ Գէորգ Արք. Չորեքճեանի նախաձեռնութեամբ կաթողիկոսութեան «Էջմիածին» ամսաթերթի հրատարակութիւնը կը սկսի` կրօնական, բանասիրական, պատմական, ուսումնասիրական բովանդակութեամբ։ Գէորգ Զ. Չորեքճեան կաթողիկոսի օրով (1945-1954) կը բացուի Էջմիածնի Հոգեւոր Ճեմարանը (1945), որ շարունակութիւնն է Գէորգեան Ճեմարանին՝ փակուած 1918-ին։ 1945-ին կառավարական յատուկ որոշումով Վաղարշապատ անունը կը փոխուի Էջմիածնի։ 1945-ին կը նշուի Հայրապետական Աթոռին՝ կաթողիկոսութեան Կիլիկիայէն Ս. Էջմիածին փոխադրութեան (1441) 500-ամեակը։ Քաղաքական պայմանները չէին թոյլատրեր որ նշումը կատարուէր 1941-ին։ 1951-ի Բուն Բարեկենդանի Կիրակի օրը, Գէորգ Զ. կաթողիկոսի կոնդակով, կը տօնուի Վարդանանցի 1500-ամեակը, թէ՛ Ս. Էջմիածնի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։ Վազգէն Ա. կաթողիկոսի օրով (1955-1994) հիմնովին կը վերանորոգուի Մայր Տաճարը, Ս. Հռիփսիմէ եւ Ս. Գայանէ եկեղեցիները։ Կը կառուցուի Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած յուշարձան։ 1962-ին կ'աւարտի 1957-ին սկսուած նոր վեհարանի ներքին վերաշինութիւնը։ Վեհարանը Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի օրերուն յանձնուած է ցարական կառավարութեան, յետոյ ալ՝ Խորհրդային, որոնք զայն գործածած են որպէս «հիւանդանոց», «որբանոց» եւ «զօրանոց»։ 1962-ին կը գումարուի Ազգային-Եկեղեցական ժողով, 141 պատգամաւորներու մասնակցութեամբ՝ 46 հոգեւորական եւ 95 աշխարհական։ Ժողովը ի մէջ այլոց կը քննէ «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կանոնագրի մշակում» եւ «Ամրապնդում հայ եկեղեցւոյ միասնութիւն» հարցերը։ 1966-ի Հոկտեմբերին մեծ շուքով կը տօնուի հայերէն առաջին Աստուածաշունչի տպագրութեան 300-ամեակը։ Այս մեծածաւալ 1500 էջ «Ոսկանեան Աստուածաշունչ»-ը կը տպուի Ամսդերտամ, «Ս. Էջմիածին» անունով տպարանը, Ոսկան վրդ. Երեւանցիի ջանքերով։ Տպագրութիւնը կը տեւէ 2 տարի 7 ամիս եւ կ'աւարտի 1668-ի Հոկտեմբերի 13-ին։ 1968-ին կը վերանորոգուի հին վեհարանը եւ կը վերածուի կաթողիկոսներու թանգարանի։ 1973-ին Մայր Տաճարի զանգակատան 9 նոր զանգակներ կը զետեղուին։ 1976-ին հիմնական նորոգութիւնը կ'աւարտի ու օծումը կը կատարուի Արարատեան Թեմի առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ։ Մեր եկեղեցական աւանդութեան համաձայն կաթողիկոսը է նաեւ Արարատեան Թեմի առաջնորդ, ինչպէս կաթոլիկ եկեղեցւոյ պապը առաջնորդն է Հռոմ քաղաքին։ 1978-ին կը շինուի այցելու հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու համար վանատուն, 22 ննջասենեակներով, երեք յարկաբաժիններով եւ ընդունելութեան սենեակներով։ 1982-ին բացումը կը կատարուի Էջմիածնի «Գանձատուն» թանգարանին։ 1991-ի Սեպտեմբերի 29-ին Վազգէն կաթողիկոս իր օրհնած 6-րդ միւռոնը կը կոչէ «Անկախութեան Միւռոն»։ Կաթողիկոսներ, իրենց շրջանի տեւողութեան, 7 տարին անգամ մը միւռոն կ'օրհնեն, առաջինը՝ ընտրութենէ անմիջապէս յետոյ։ 1992-ին, Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով Էջմիածին քաղաքը կը վերանուանուի Վաղարշապատ։ Վաղարշապատի բնակչութիւնը տարիներու ընթացքին գիւղական բնակչութեան դէպի քաղաք գաղթին պատճառով արագ աճում ցոյց կուտայ. 1830-ական թուականներուն մօտաւորապէս 2,200, 1959-ին՝ 19,000, 1976-ին՝ 44,000 եւ արտագաղթէ առաջ ալ՝ 60,000։ Վաղարշապատցիներ զբաղած են ոսկերչութեամբ, զինագործութեամբ, դարբնութեամբ, խեցեգործութեամբ, շերամաբուծութեամբ, այգեգործութեամբ, գինեգործութեամբ։ Խորհրդային իշխանութեան շրջանին շինուած են հացի, կաթի, գինիի, տնային մետաղեայ իրերու, ելեկտրոնային սարքաշինութեան գործարաններ։ |